
Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութիւնը` Գեղարուեստի դպրոցներու խնամակալութեան հետ համախորհուրդ, 2022-2023 կրթական տարեշրջանի սկիզբը` Լիբանանի ապրած ներկայ սուր ճգնաժամին մէջ ծնողներու նիւթական պարտաւորութիւնները թեթեւցնելու, նորահաս սերունդը մշակութային դաստիարակութենէն ու կազմաւորումէն չզրկելու, ինչպէս նաեւ գեղարուեստի դպրոցներու դասախօսական կազմերը մասնագիտական ու որակական բարձր մակարդակի վրայ պահելու առաջադրութեամբ, երկար քննարկումներէ ետք կատարեց պիւտճէական յստակացումներ, ինչպէս նաեւ ճշդուեցան ներկայ ժամանակներուն պատշաճող խորհրդանշական կրթաթոշակներ: Այս բոլորը իրականացնելու համար` իբրեւ զուգահեռ ու կարեւոր աշխատանք, որոշուեցաւ շարունակել ու ծաւալել անցնող տարի հաստատուած սան որդեգրելու ծրագիրը:
Ուրախ ենք յայտնելու, որ Լիբանանէն եւ արտասահմանէն մեծ թիւով համազգայնականներ ու Համազգայինի բարեկամներ, գեղարուեստի դպրոցներու շրջանաւարտներ, տարբեր երկիրներու շրջանային վարչութիւններ եւ համայնքային-կրօնական կառոյցներ զօրակցութիւն յայտնեցին եւ գործնապէս սատարեցին այս ծրագիրին:
Ասոր զուգահեռ` ներքին հասութաբեր ձեռնարկները, որոնք իրագործուեցան ծնողական ու ընկերային յանձնախումբերու կողմէ, եկան իրենց լուման ներդրելու այս խիստ կենսական ծրագիրին:
Անշուշտ ծրագիրի ամէնէն յատկանշական նախաձեռնութիւնը դարձաւ Սէրուժ Գրաճեանի համերգը, երբ միջազգային համբաւի արժանացած նախկին լիբանանահայ արուեստագէտը անվերապահօրէն եւ մեծ խանդավառութեամբ արձագանգեց Համազգայինի Շրջանային վարչութեան հրաւէրին եւ բարեսիրական արժանավայել քայլով մը որոշեց «Սաներու ֆոնտ»-ին համար տալ ելոյթ մը Լիբանանի մէջ:
Սէրուժ Գրաճեան իր այս օրինակելի քայլով արուեստի անմոռանալի պահ մը նուիրեց լիբանանահայութեան եւ նաեւ զօրավիգ դարձաւ Համազգայինի գեղարուեստի դպրոցներուն:
Այս ձեռնարկին առիթով մեր խորին երախտագիտութիւնը կը յայտնենք Միացեալ Նահանգներու հիւսիսային եւ արեւմտեան, ինչպէս նաեւ Քանատայի թեմերու առաջնորդ սրբազաններուն, Հայ բարեգործական ընդհանուր միութեան Լիբանանի վարչութեան եւ Համազգայինի բարեկամներուն, որոնք իրենց նիւթաբարոյական աջակցութեամբ հնարաւոր դարձուցին Սէրուժ Գրաճեանին եւ արուեստագէտներու խումբի հիւրընկալումը Լիբանան:
Այս առիթով յայտնենք նաեւ, որ այս տարեշրջանին Շրջանային վարչութիւնս իր ծրագիրներուն իրականացման համար մի՛շտ ալ վայելեց Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան եւ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի հովանաւորութիւնն ու աջակցութիւնը:
Արդ` վարչութեանս տարեսկիզբէն մինչեւ այսօր կատարած ծրագիրներու հանրագումարը` արգասիքը հանդիսացաւ սան որդեգրելու ծրագրի յաջողութեան, ու կարելի դարձաւ ցարդ ապահովել երեսունեօթը հազար ինը հարիւր ամ. տոլար: Յառաջիկայ ամիսներուն նաեւ նախատեսուած են սան որդեգրելու ծրագրին օգտաշատ հանդիսացող այլ նախաձեռնութիւններ:
Վարձքը կատա՛ր բոլորին:
ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ ԼԻԲԱՆԱՆԻ
ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ
Պէյրութ, 3 Ապրիլ 2023