
Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային ԻԶ. ժողովը տեղի ունեցաւ Չորեքշաբթի, 4 Սեպտեմբեր 2019-ին, «Լեւոն Շանթ» մշակութային կեդրոնին մէջ` ներկայութեամբ Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան, ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի, Համազգայինի կառոյցներու ներկայացուցիչներու, «Ազդակ»-ի տնօրէնին եւ գեղարուեստի դպրոցներու տնօրէններուն ու խնամակալութեան ներկայացուցիչներուն: Ժողովին իրաւասու ձայնով կը մասնակցէին Համազգայինի մասնաճիւղերու, ինչպէս նաեւ «Գուսան» երգչախումբի, «Քնար» պարախումբի, «Գ. Իփէկեան» թատերախումբի, Գիր եւ գրականութեան, «Կարկաչ», «Այգ» երգչախումբերու մասնագիտացած մասնաճիւղերու պատգամաւորները, կային նաեւ հրաւիրեալներ:
Ժողովը առաջին առիթով լսեց ընթացաւարտ Շրջանային վարչութեան գործունէութեան նիւթաբարոյական տեղեկագիրը, կատարեց համապատասխան արժեւորում եւ հաստատեց, որ հակառակ երկրին դիմագրաւած դժուարութիւններուն, Շրջանային վարչութիւնը յաջողած է մշակութային աշխատանքները համակարգելու ու ծրագիրները յաջողցնելու իր ճիգին մէջ: Ապա ժողովը անդրադարձաւ լիբանանահայ գաղութի դիմագրաւած մշակութային ու կրթական հիմնախնդիրներուն, ինչպէս նաեւ լուսարձակի տակ առաւ այս իմաստով առկայ մարտահրաւէրներն ու զանոնք դիմագրաւելու մօտեցումները: Այս բոլոր քննարկումներուն լոյսին տակ ճշդուեցան հետեւեալ առաջնահերթութիւնները, որոնց հիման վրայ պիտի ընթանայ Համազգայինի Լիբանանի կառոյցի յառաջիկայ երկամեակի գործունէութիւնը:
Ա.- Մասնաճիւղերը եւ մասնագիտացած մասնաճիւղերը պէտք է ներգրաւեն աւելի մեծ թիւով համազգայնականներ ընդհանուր աշխատանքներուն մէջ եւ իրենց ծրագիրները համահունչ դարձնեն ժամանակակից պայմաններուն ու անհրաժեշտութիւններուն:
Բ.- Հայաստանի վերանկախացումէն ետք, Համազգայինի Լիբանանի կառոյցը ջահակիրը հանդիսացաւ Հայաստան-Լիբանան մշակութային կապերու սերտացման: Սոյն ժողովը անհրաժեշտ գտաւ այս քաղաքականութիւնը դնել որակական նոր ու արդիական մակարդակի վրայ եւ ընդլայնել համագործակցութեան ծիրը:
Գ.- Համազգայինի մշակութային գործունէութիւնը ծաւալել լիբանանեան տեղական միջավայրին մէջ` ժողովրդային լայն զանգուածներու հասանելի դարձնելու նպատակով:
Դ.- Գեղարուեստի դպրոցներու գործունէութեան նկատմամբ յատուկ հոգածութիւն ցուցաբերել, ինչպէս նաեւ որդեգրել յաւելեալ մասնագիտական մօտեցում ու գործելաոճ:
Ե.- Մշակութային գործի ճառագայթումին համար կենսական նկատել տնտեսական ուսումնասիրուած քաղաքականութեան մը որդեգրումը եւ այս ծիրին մէջ հասութաբեր ձեռնարկներ կազմակերպել:
Զ.- Համալսարանական եւ դպրոցական միջավայրի մէջ մեր մշակութային ու հոգեմտաւոր արժէքները տարածել` նպատակաուղղուած քաղաքականութեամբ:
Է.- Զարգացնել տեղական մշակութային կառոյցներու ու միութիւններու հետ համագործակցութիւնը եւ միացեալ նախաձեռնութիւններու կազմակերպումը:
Ը.- Հետամուտ ըլլալ լիբանանահայ գրական, մշակութային եւ կրթական գործիչներու, ինչպէս նաեւ մտաւորականներու հետ ունենալու մնայուն յարաբերութիւն եւ ստեղծել մտաւորական, մշակութային ու կրթական նիւթերու շուրջ քննարկումի նոր միջավայրեր:
Թ.- Քաջալերել Համազգայինի մէջ երիտասարդական մթնոլորտի զարգացումը եւ այս իմաստով երիտասարդներու նախաձեռնութեամբ կազմակերպել ձեռնարկներ:
Ժ.- Համազգայինի գործն ու առաքելութիւնը քարոզչական արդի կարելիութիւններու օգտագործումով հասանելի դարձնել լայն շրջանակներու:
ԺԱ.- Սատար հանդիսանալ հայոց լեզուի ու հայկական աւանդութիւններու եւ արժէքներու պահպանումին եւ այս իմաստով ձեռնարկել նոր նախաձեռնութիւններու:
Ժողովի աւարտին կատարուեցաւ նոր Շրջանային վարչութեան կազմի ընտրութիւն` հետեւեալ ձեւով.
Սեմ Սիմոնեան ատենապետ
Նանոր Գոչունեան-Թաշճեան ատենադպիր
Նորայր Գարամանուկեան գանձապահ
Վարդան Ազնաւուրեան հաշուապահ
Աստղիկ Փանոսեան
Սիլվա Սողոմոնեան
Կարէն Եօսուլքանեան
Պեթի Հարպոյեան-Եիրիքեան
Քրիսթին Արզումանեան-Ղազարեան
Էլի Իշխանեան
Լոռի Պօղոսեան
Վիգէն Տիշչէքէնեան
Լոռի Ծառուկեան