
Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան նախաձեռնութեամբ, երկուշաբթի, 15 Յունիս 2020-ին, Շրջանային վարչութիւնը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը այցելեց երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեանին:
Պատուիրակութիւնը նախարար Օհանեանի կողմէ գտաւ ջերմ ընդունելութիւն:
Ծանօթացման եւ գործնական այս հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան երիտասարդութիւնը յուզող հարցեր, ինչպէս նաեւ մշակութային կեանքին վերաբերող առկայ դժուարութիւնները:
Շրջանային վարչութիւնը ներկայացաւ առաջարկով մը, որ կը համընկնէր նաեւ նախարար Օհանեանի ծրագիրներուն, ինչ կը վերաբերի «Մշակոյթի միջոցով առողջ երիտասարդութիւն ունենալ»-ու տեսլականին:
«Առողջ մարմին առողջ միտք» կարգախօսին ներքեւ առաջարկուեցաւ կազմակերպել սեմինար մը, որուն ընթացքին պիտի ներկայացուի առհասարակ մշակոյթը եւ ի մասնաւորի հայ մշակոյթը:
Նախարար Օհանեան պատրաստակամութիւն յայտնեց գործակցելու եւ ջանք չխնայելու` այս ծրագիրին յաջողութեան համար:
Համագործակցութեան ամուր խոստումով, ջերմ մթնոլորտի մէջ եւ յաջողութեան մաղթանքներով հանդիպումը վերջ գտաւ:
ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ ԼԻԲԱՆԱՆԻ
ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ
15 Յունիս 2020