
Ուրախութեամբ կ’անդրադառնանք, որ մեր գաղութին մէջ միշտ ունեցած ենք բարերարներ, որոնք իրենց ցուցաբերած բարոյական եւ նիւթական աջակցութեամբ սատար հանդիսացած են մեր ազգային եւ մշակութային կառոյցներու հիմնադրման եւ պահպանման աշխատանքին: Յիշատակութեան արժանի են բոլո՛րը, սակայն հոս կ’ուզենք ի մասնաւորի յիշել տէր եւ տիկին Յակոբ եւ Սոնիա Ղոջախեանները (Սան Ֆրանսիսքոյէն), որոնք հաւատալով Համազգայինի տարած արդիւնաւէտ աշխատանքին, կարելի կը դարձնեն իրականացնել անկարելին՝ այս դժուարին օրերուն:
Արդարեւ, Ղոջախեան ամոլը, գիտակցելով մեր հաստատութեան նիւթական դժուարութիւններուն եւ անսահման պէտքերուն, ընկհ. Սելլա Թնճուկեանին միջոցով յատկացուց 31.000 տոլար, վերանորոգելու «Լեւոն Շանթ» կեդրոնին մէջ «Գայեանէ» պարի դպրոցի եւ «Քնար» պարախումբի պարի սրահը, ի յիշատակ իր ծնողներուն՝ Աբրահամ եւ Վերժին Ղոջախեաններուն: Յայտնենք, որ աշխատանքները սկսան օգոստոս 2020-ին եւ աւարտեցան հոկտեմբերին, պատրաստ՝ ընդունելու աշակերտները, սակայն երկրին պայմանները եւ «Քորոնա»-ի համաճարակը արգելք հանդիսացան:
Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան անունով խորին շնորհակալութիւն՝ տէր եւ տիկին Յակոբ եւ Սոնիա Ղոջախեաններուն:
Օրհնութիւն են բարերարները մեր գաղութներուն համար եւ միշտ արժանի՝ մեր երախտագիտութեան եւ գնահատանքին:
ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ