![](https://hamazkayin.com/wp-content/uploads/2018/10/default.jpg)
Սիրելի՛ հայրենակիցներ,
Լիբանանի եւ Սուրիոյ քաղաքական եւ ապահովական վերջին իրադարձութիւնները դարձեալ աշխարհի ուշադրութիւնը կեդրոնացուցին Միջին Արեւելքի վրայ, ուր բազում դժուարութիւններ յաղթահարելով կը գոյատեւեն Սփիւռքահայութեան մայր գաղութները՝ լիբանանահայ ու սուրիահայ մեր քոյրերն ու եղբայրները։
Տարիներէ ի վեր տագնապահար վիճակի մէջ եղող մեր զոյգ համայնքները այսօր դէմ յանդիման կը գտնուին նոր մարտահրաւէրներու, որոնց դիմագրաւումը ներկայ պայմաններուն մէջ եւ սեփական ջանքերով անկարելի է։
Այս առումով, հաւատարիմ իր առաքելութեան` Հայ Օգնութեան Միութիւնը կրկին ընթացք տուած է համահայկական դրամահաւաքի, օժանդակութեան ձեռք երկարելու Լիբանանի եւ Սուրիոյ հայ համայնքներուն։
Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութիւնը քաջ կը գիտակցի, որ Միջին Արեւելքի հայատրոփ մեր գաղութներուն համար տաք ճաշին ու ապահով ապաստանին կողքին կենսական է նաեւ երաշխաւորել գոյատեւումը՝ հայ դպրոցին ու պահպանումը՝ հայ մշակոյթին, որոնց շնորհիւ նորահաս սերունդները կ'առնչուին իրենց ազգային ինքնութեան ու արմատներուն, մասնաւորաբար նման դժնդակ պայմաններու մէջ։
Առ այդ, կոչ կ'ուղղենք Համազգայինի աշխարհատարած կառոյցի բոլոր անդամներուն եւ բարեկամներուն մեծ թիւով մասնակցութիւն բերելու ՀՕՄ-ի ձեռնարկած դրամահաւաքին յանուն Լիբանանի եւ Սուրիոյ պատմական գաղութներու բարօրութեան։
Նուիրատուութիւններու համար դիմել՝
www.ars1910.org/standwithlebanon
Համազգային
Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութեան
Կեդրոնական Վարչութիւն
Պէյրութ, 12 Դեկտեմբեր 2024