
Երկուշաբթի, 5 Յուլիս 2010-ին, իր աւարտին հասաւ Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան Ընդհանուր ժողովը, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին 60 պատգամաւորներ եւ հրաւիրեալներ:
Երեք օրերու ընթացքին ժողովը ըստ էութեան քննութեան առարկայ դարձուց Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան երկամեայ նիւթաբարոյական գործունէութիւնը:
Ժողովը հանգամանօրէն գնահատեց անցնող երկու տարիներու Համազգայինի աշխատանքները՝ գաղութին մէջ բեղուն մշակութային գործունէութիւնը, գեղարուեստի դպրոցներու եւ միաւորներու բազմաճիւղ գործունէութիւնը եւ սփիւռք-Հայաստան ու միջգաղութային նախաձեռնութիւններու իրագործումը:
Ժողովականները նորընտիր Շրջանային վարչութեան ներկայացուցին առաջարկներ՝ Երեւանի Կոմիտասի անուան պետական երաժշտանոցին ու «Մարկօ Պապիկեանե երաժշտական մրցանքին հետ գործակցութեան գծով, գեղարուեստի դպրոցներուն թուային աճին զուգահեռ որակային աճին թափ տալու վերաբերեալ, «Բանբերեին հրատարակութիւնը շարունակելու, տնտեսական մնայուն աղբիւրներ ապահովելու եւ Հայաստանի Սփիւռքի նախարարութեան հետ կապերը ամրապնդելու առնչութեամբ:
Համազգայինի Լիբանանի Ընդհանուր ժողովը նաեւ պիւտճէական գնահատում կատարելէ ետք ընտրեց նոր Շրջանային վարչութիւնը՝ հետեւեալ կազմով.
Յակոբ Լատոյեան
Սարգիս Կիրակոսեան
Դոկտ. ՍԵպուհ Այնթէպեան
Տոքթ. Սեպուհ Մանճեան
Զապէլ Ֆերմանեան
Յակոբ Հանտեան
Շողիկ Յակոբեան
Սիլվա Քիւրքճեան
Նորայր Գարամանուկեան
Մարալ Չոլոյեան
Յաւերժ Շխրտըմեան