
Հոկտեմբեր 2015-ի աւարտին, «Համազգային»ի հիւրերն էին հայրենի երգչուհի Նունէ Եսայեան եւ պոլսահայ երգչուհի Սիպիլ։ Շաբաթավերջին անոնք ելոյթ ունեցան Bergen Performing Arts Center-ի մէջ հազարէ աւելի հանդիսատեսներու դիմաց, մասնակցութեամբ՝ «Համազգային»ի Արեգակ երգչախումբին եւ Նայիրի պարախումբին։ Համերգը, ինչպէս «Համազգային»ի ամբողջ տարուան գործունէութիւնը, նուիրուած էր Հայոց Ցեղասպանութեան Հարիւրամեակին։
Համերգին յաջորդող օրերուն, Նունէն ու Սիպիլը իրենց անձնակազմին ու «Համազգային»ի անդամներու ընկերակցութեամբ այցելեցին Յովնանեան Վարժարան եւ տեսակցեցան տնօրէնութեան ու աշակերտութեան հետ։ Յաջորդ օր յատուկ հրաւէրով հանդիպեցան Ամերիկահայ հանրայայտ կերպարուեստագէտ Մայքըլ Արամի, որ հիւրերը ընդունեց Նիւ Եորքի իր աշխատանոցէն ներս ու սիրալիր հիւրընկալութեամբ զրուցեց անոնց հետ ու նուիրեց իր գործերէն։ Ապա զանոնք առաջնորդեց Նիւ Եորքի Սուրբ Վարդան Մայր Տաճարը, որուն շրջափակին մէջ կանգնած է Հայոց Ցեղասպանութեան հարիւրամեակի նուիրուած իր կողմէ պատրաստուած քանդակը ու բացատրութիւն տուաւ հիւրերուն։ Գերշ. Տ. Սիմէոն Ծ. Վրդ. Օտապաշեան հիւրերը դիմաւորեց ու առաջնորդեց եկեղեցի։