Միջին Արեւելք
Շրջանային Վարչութիւններ

Հովանաւորութեամբ Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան, ներկայութեամբ Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան անդամներուն, մասնագիտացած մասնաճիւղերու ատենապետներուն, Համազգայինի «Բ. Կանաչեան» երաժշտանոցի տնօրէն խորհուրդին, ամառնային ծրագիրի յանձնախումբին եւ ծնողներուն, Չորեքշաբթի, 17 Օգոստոս 2022-ին, երեկոյեան ժամը 6:00-ին Համազգայինի «Լեւոն Շանթ» կեդրոնի «Արմէնեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Ամառնային ծրագիր 2»-ի եզրափակիչ հանդէսը, որուն ընթացքին ծնողները ապրեցան ուրախութեան ու բերկրանքի պահեր` ականատես ըլլալով աշակերտներուն պատրաստած խնամուած յայտագիրին եւ ձեռք բերած նորութիւններուն: