
Հովանաւորութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Նարեկ արքեպիսկոպոսի, նախագահութեամբ նախկին նախարար Արթիւր Նազարեանի, կազմակերպութեամբ Ազգային առաջնորդարանին, Շաբաթ, 13 Ապրիլ 2019-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Նորաշէնի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ հոգեւոր համերգ` կատարողութեամբ Համազգայինի «Այգ» երիտասարդական երգչախումբին` մասնակցութեամբ «Կարկաչ» պատանեկան երգչախումբին, գեղարուեստական ղեկավարութեամբ եւ խմբավարութեամբ Զաքար Քէշիշեանի, դաշնակի ընկերակցութեամբ Լիանա Յարութիւնեանի:
Համերգը սկսաւ «Տէրունական աղօթք»-ով: Այնուհետեւ «Այգ» եւ «Կարկաչ» երգչախումբերը մեկնաբանեցին Եկմալեան պատարագը, որ խմբավար Զաքար Քէշիշեան վերամշակած է մանկական եւ իգական կազմով երգչախումբի համար: Այնուհետեւ «Այգ» երգչախումբի աղջիկներու կազմը մեկնաբանեց Մեսրոպ Մաշտոցի ապաշխարութեան ութ շարականները` Գէորգ Արմէնեանի մշակումով, որմէ ետք անգլերէնով երեք «սբիրիչուըլ»-ներ` «Սամթայմզ այ ֆիլ լայք ը մատըրլես չայլտ», «Ըմէյզինկ կրէյս», «Քումպայա»: Յայտագիրի վերջին բաժինով «Այգ» եւ «Կարկաչ» երգչախումբերը երգեցին «Աւէ Մարիա», «Փուր թուա Արմենի» եւ «Երեւան – Էրեբունի» երգերը:
Համերգի աւարտին իր պատգամը ուղղեց Նարեկ արքեպիսկոպոս, որ շնորհակալութիւն յայտնեց սոյն համերգը յիշատակելի երեկոյի մը վերածած բոլոր անձերուն: «Կը հաւատամ, որ մեր յաջողութեան կախարդական բանալին մեր մասնակցութիւնն է, որուն արդիւնքն է այս հոգեւոր համերգը: Երգչախումբը` իր ժամանակով, շնորհներով եւ իր ձայնով մասնակցեցաւ, խմբավարը` իր մասնագիտութեամբ, դաշնակահարը` իր արուեստով, բարերարը` իր հովանաւորութեամբ, եւ մենք բոլորս` մեր ներկայութեամբ», ըսաւ սրբազան հայրը` հաստատելով, որ այսպէս եղած է մեր կեանքը եւ այսպէս ալ պիտի շարունակուի: Առաջնորդ սրբազանը յայտնեց, որ Համազգայինը զանազան համերգներ տուած է եւ կը շարունակէ տալ, սակայն տարբեր նշանակութիւն ունի, երբ Ազգային առաջնորդարանը կու գայ մեր հաւաքական կեանքին մէջ ըսելու, թէ ինք պարզ գրասենեակ մը չէ, այլ` մեր կեանքի բոլոր բնագաւառներուն մէջ իր տիրութիւնը եւ ծառայութիւնը ընող առաքելութիւն է ինք, եւ ասոր ամէնէն պերճախօս արձագանգը լսեցինք, ապրեցանք եւ մեզի հետ պիտի տանինք այս եկեղեցիէն: