
Հովանաւորութեամբ Հայոց ցեղասպանութեան Հարիւրամեակի Գանատայի մարմնին, կազմակերպութեամբ Համազգայինի «Սանահին» մասնաճիւղին, գործակցութեամբ Համազգայինի Թորոնթոյի «Գլաձոր» մասնաճիւղին, Շաբաթ, 21 Նոյեմբեր 2015-ին, երեկոյեան ժամը 8-ին, Մոնթրէալի College Regina Assumpta-ի, Marguerite Bourgeois շքեղ սրահին մէջ, միացեալ ելոյթ ունեցան Մոնթրէալի Համազգայինի «Անի» պարախումբը եւ Թորոնթոյի Համազգայինի «Էրեբունի» պարախումբը:
Հոգեւոր հայրերու եւ հիւրերու կողքին, ներկայ էին Գանատայի Հայոց Թեմի Առաջնորդ, Գերաշնորհ Տէր Մեղրիկ Սրբ. Եպիսկոպոս Բարիքեան, «Ֆոլքլոր Գանատա»ի վարիչ՝ Կի Լանտրի եւ տիկինը։ «Սանահին» մասնաճիւղի վարչութեան անունով ֆրանսերէն եւ հայերէն բացման խօսք արտասանեց Թամար Շահինեան: Ան իր խօսքին մէջ շնորհակալութիւն յայտնեց Համազգայինի Գանատայի շրջանային վարչութեան, որուն մտայղացումն էր այսօրուան աննախընթաց ելոյթը. առաջին անգամ ըլլալով երկու պարախումբերը միացեալ ելոյթ կ'ունենան, սակայն այս մէկը պիտի ունենայ յաջորդական բնոյթ, եւ յառաջիկային «Անի» պարախումբը պիտի մասնակցի «Էրեբունի» պարախումբի ելոյթին Թորոնթոյի մէջ: Անկէ ետք բեմ բարձրացաւ Հայոց ցեղասպանութեան Հարիւրամեակի Գանատայի մարմնի ատենապետ Մհեր Գարագաշեան, որ իր խօսքին մէջ նշեց, որ մեր դատը ճանաչման հանգրուանէն պահանջատիրութեան հանգրուան անցած է: Մենք կը պահանջենք մեր գրաւուած հողերը, իրաւունքներու հատուցում եւ հետեւանքներու վերացում: Գնահատանքի խօսք ուղղելով Համազգայինի Գանատայի շրջանային վարչութեան, նաեւ շնորհակալութիւն յայտնելով երկու վարչութիւններուն եւ պարախումբերուն ան շեշտեց, որ մինչեւ այն ատեն, որ իննսունէ աւելի հայ երիտասարդներ կը պարեն ոչ միայն որպէս մշակոյթ ներկայացնողներ, այլեւ` որպէս հա՛յ, մենք պիտի հասնինք մեր վերապրող սերունդի իրաւունքներուն՝ ամբողջական Հայաստանին:
Ելոյթի առաջին բաժինով հանդէս եկաւ «Անի» պարախումբը, որուն պարերուն թեման էր «Թռչող վիշտ»-ը, իսկ գեղարուեստական ղեկավարը՝ Եւա Հայրապետեանը, որ 1995-էն ի վեր կը ղեկավարէ պարախումբը՝ տարիներու ընթացքին ներկայացնելով նոր դարու պարեր: Յաջորդաբար ներկայացուեցան հայ ժողովուրդի վիշտը կենդանացնող արդիական պարեր՝ «Լքում», «Մի տար ինձ հեռու», «Թռչող վիշտ», «Քոչարի», «Սերենատ», «Խոստովանանք», «Ոգեշնչում» եւ «Մեռելներու հոգու համար», որոնք ներկաներուն լաւագոյնս փոխանցեցին մեր ժողովուրդի ապրած վերիվայրումներով լի անցեալը՝ միշտ յոյսի նշոյլ մը ստեղծելով պարերուն ընդմէջէն: Նկատելի էր պարողներուն փորձառու եւ բացառիկ կատարումը: Երեք պարերու մենակատարն էր Մարի Յովհաննէսեանը իր ինքնավստահ ու բարձր գնահատելի կատարողութեամբ: Արտայայտչական ու խորհրդանշական պարերուն ընթացքին մերթ կ'արտայայտուէր վիշտը, մերթ ներշնչումը, վերապրումն ու վերջաւորութեան երեք երգողներու կողմէ «Տէր ողորմեայի» տպաւորիչ կատարումով՝ մեր ժողովուրդի աննկուն կամքի ու հաւատքի յաղթանակը: Այս բաժինին զգեստաւորումը աւանդականէն անդին՝ պարերուն խորհրդանիշին պատշաճեցուած էր բծախնդրօրէն:
Քսան վայրկեան դադարէ ետք, որուն միջոցին տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն-վաճառք, հանդէս եկաւ «Էրեբունի» պարախումբը, որուն գեղարուեստական ղեկավարն է Լոռի Նաճարեանը: Երկրորդ բաժինի թեման էր «Ազգի ոգին»: Յաջորդական հայկական պարերը՝ «Տուն իմ հայրենի», «Հայկազուններ», «Տըլէ եաման», «Թամզարա», «Մերիկ մերիկ», «Նուռերու պար», «Կիլիկիա», «Մեր ճանապարհը» եւ «Հայ ենք մենք», խանդավառեցին ներկաները եւ մեր ժողովուրդի իսկական վճռակամ ոգիի ներշնչումով վերակենդանացուցին մեր մշակոյթը: Խրոխտ ու անվեհեր պարողները իրենց կայտառ կատարումով մեզ փոխադրեցին հայրենի աշխարհ եւ ներշնչեցին՝ հայու ոգիով զինուելու, հայրենիքէն հեռու, օտար ափերու վրայ իսկ: Բացառիկ մենակատարութեամբ հանդէս եկաւ Լոռի Նաճարեան «Նուռերու պար»-ով: Նկատառելի էր «Մերիկ Մերիկ» պարին մէջ միախառնումը արդիական եւ աւանդական պարերուն: Նշենք, որ կարգ մը պարերու ընթացքին բեմին ետին պաստառին վրայ կը ցուցադրուէին պարերուն հետ առնչուող հայրենիքէն նկարներ: Միջոցին նաեւ տեսերիզով մը ցուցադրուեցաւ «էրեբունի» պարախումբին պատմականը:
Աւարտին Թամար Շահինեան բեմ հրաւիրեց յանձնախումի անդամները, օգնականները, Գլաձոր եւ Սանահին վարչութիւններու ներկայացուցիչներն ու երկու պարուսոյցները, որոնց փոխանցուեցան գեղեցիկ ծաղկեփունջեր՝ ներկաներուն բուռն ծափողջոյններուն ընկերակցութեամբ:
Սրբազան հօր պատգամով վերջ գտաւ աննախադէպ ելոյթը: Ան իր գնահատական խօսքին մէջ շեշտեց, թէ այս երիտասարդներուն պարերով է, որ մեր ժողովուրդի տեսիլքը պիտի շարունակուի, ապա քաջալերելով պարող տղաքն ու աղջիկները ըսաւ. «Դո՛ւք էք մեր այսօրուան հերոսները, դո՛ւք էք դէպի երկինք ճախրող Ազգի ոգին»:
Ատոմ եւ Սեդա Մալխասեան, որոնց մեծ հայրը` Կարապետ Մալխասեան, Համազգայինի հիմնադիրներներէն եղած է, եւ որոնք առ այսօր ընտանիքի բոլոր անդամներով իրենց գործօն մասնակցութիւնը բերած են Համազգայինի կեանքին մէջ, տասը հազար տոլար նուիրեցին Համազգայինին՝ քաջ հաւատալով մեր պարերուն ազնիւ առաքելութեան եւ ազդեցիկ ծառայութեան Հայ դատին:
Ելոյթէն անմիջապէս ետք, «Սանահին» մասնաճիւղի վարչութեան հրաւէրով, երկու պարախումբերու անդամներն ու անձնակազմերը ուղուեցան Հայ կեդրոն, ուր տեղի ունեցաւ խրախճանք՝ մինչեւ առաւօտեան ժամերը: Սոյն խրախճանքով ամրապնդուեցան Համազգայինի մեծ ընտանիքին միասնականութեան ոգին եւ յարատեւութեան վճռականութիւնը:
Սոնա Թիթիզեան Կէտիկեան