
Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութեան Արեւելեան Ա.Մ.Ն-ի Շրջանային Վարչութիւնը կը տեղեկացնէ չորրորդ «Մինաս եւ Գոհար Թէօլէօլեան» Ժամանակակից Գրականութեան Մրցանակաբաշխութեան արդիւնքը: 2019 թ. մրցանակի կ՛արժանանայ Ալան Արփաճեանի (Allan Arpajian) եւ Սիւզան Արփաճեան Ջոլլիի (Susan Arpajian Jolley) Out of My Great Sorrows: The Armenian Genocide and Artist Mary Zakarian՝ Ֆիլատելֆիա հաստատուած արուեստագէտ Մարի Զաքարեանի կեանքին նուիրուած գեղագիտական երկը։
Դատական կազմը յանգեցաւ այս որոշումին շատ երկար խորհրդածութիւններէ ետք, որովհետեւ ներկայացուած ստեղծագործութիւններու մեծ մասը իւրովի արժանիքներ ունէր։
Մրցանակը յատկացուեցաւ այս յուշագրութիւնը գեղարուեստական վէպի նման կարդացուելուն եւ ընտանիքի մը պատմութեան ընդմէջէն ամբողջ ժողովուրդի մը պատմութիւնը բնականօրէն շաղկապուած փոխանցելուն համար։
«Համազգային»ի այս մրցանակը կը կրէ հայ գրականութեան երախտաւոր, գրաքննադատ, «Հայրենիք»ի երկարամեայ խմբագիր Մինաս Թէօլէօլեանի ու իր կողակցի` հայոց լեզուի եւ գրականութեան ուսուցչուհի Գոհար Թէօլէօլեանի անունը:
Այս մրցանակը կը շնորհուի Հիւսիսային Ամերիկայի մէջ բնակող շնորհալի հեղինակներուն: Համազգայինի հիմնական նպատակն է մրցանակի միջոցով քաջալերել այն հեղինակները, որոնք կը գրեն հայեցի նիւթերու մասին: Իւրաքանչիւր մրցանակակիրի նիւթական պարգեւն է $1,500: Գրութիւնները կրնան ըլլալ գրական որեւէ հիմնական ձեւի մէջ. բանաստեղծութիւն, պատմուածք, վէպ, նորավէպ, թատերգութիւն, ինչպէս նաեւ յուշագրութիւն, մտորումներ եւ գրական վերլուծութիւններ: Մրցոյթի մասնակիցները պէտք է ծագումով հայազգի ըլան եւ կամ ներկայացուած բովանդակութիւնը հայութեան վերաբերող նիւթ պարունակէ:
Այս մրցանակի նիւթական յատկացումը կատարած են Սան Ֆրանսիսքոյաբնակ Տէր եւ Տիկին Եդուարդ եւ Վերժին Մսըրլեաններ:
Դատական կազմի անդամներն են. Դոկտ. Սիմա Աբրահամեան Յովհաննէսեան (Մոնրէալ), Օր. Անոյշ Ակներեան (Մոնթրէալ), Դոկտ. Վարդան Մատթէոսեան (Նիւ Ճըրզի), Դոկտ. Կարէն Ջալլաթեան: