
Համազգայինի «Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտական քոլեճին ամավերջի հանդէսն ու վկայականաց բաշխման հանդիսութիւնը տեղի ունեցաւ Շաբաթ, 27 Յունիս 2015-ի երեկոյեան ժամը 8:00-ին, «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ` նախագահութեամբ Երեւանի Կոմիտասի անուան պետական բարձրագոյն երաժշտանոցին եւ ներկայութեամբ «Արամ Խաչատրեան»-ի անուան տուն-թանգարանի տնօրէն փրոֆ. Արմինէ Գրիգորեանի:
Հայ մշակոյթի պահպանման դժուարին եւ վեհ առաքելութեան, մշակոյթի ճամբով ազգային դիմագիծ ու նկարագիր կերտելու լծուած Համազգայինի «Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտանոցը այս տարեշրջանին տուաւ 7 շրջանաւարտներ` Հայկ Աշգարեան, Կասիա Էճիտեան, Անի Գասպարեան, Ռիթա Տիգրանեան, Աւօ Տագէսեան, Նաթալի Մարկոսեան, Արեւիկ Սարգիսեան եւ Նարօտ Տէյիրմենճեան, իսկ եօթնամեայ կրթական ծրագիրը բոլորեցին եւ համապատասխան վկայականի տիրացան այլ 7 աշակերտներ` Չորպաճեան Մարթա, Խաչատուրեան Արենի, Պուէյրի Ռոյա, Մելքոնեան Լիաննա, Մելքոնեան Մարիանա, Մինասեան Քրիսթինա եւ Սուսանի Ալեքս: