
Երաժշտութիւնը մարդկային հոգիի ամէնէն գեղեցիկ արտայայտութիւնն է: Մեր պատանիներն ու երիտասարդները երաժշտութեան անդաստանին մէջ կը սորվին ըլլալ առաւել նրբաճաշակ եւ յարգալիր:
Արդարեւ, հովանաւորութեամբ Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահան Ս. Արք. Սարգիսեանի, կազմակերպութեամբ՝ Համազգայինի Սուրիոյ Շրջանային Վարչութեան «Բարսեղ Կանաչեան» Երաժշտական Դպրոցի Միաւորին, Հինգշաբթի, 21 Դեկտեմբեր 2017-ի, երեկոյեան ժամը 7:00-ին ԱՄԺ Տան «Լեւոն Շանթ» սրահէն ներս տեղի ունեցաւ երաժշտական համերգ: Հանդիսութեան ներկայ էին Առաջնորդ Սրբազան Հայրը, Համազգայինի Սուրիոյ Շրջանային Վարչութիւնը, երաժշտանոցիս համար հայրենիքէն սիրողաբար ժամանած հայրենի ջութակահար Արմէն Ճէնտէրէճեան, երաժշտանոցի վարչութիւնը, տնօրէնուհի Ռուզան Պարսումեան, ուսուցչական կազմն ու երաժշտասէր հրաւիրեալներ:
Բացման խօսք արտասանեց եւ յայտագիրը վարեց Սեւան Ազարիկեան-Պարմաքսզեան՝ դիտել տալով որ սոյն համերգը կը միտի երաժշտասէր աշակերտութիւնը քաջալերել եւ իր բեմական կարողութիւնները զարգացնել: Ան շնորհակալական խօսք ուղղեց Առաջնորդ Սրբազան Հօր, Համազգայինի Սուրիոյ Շրջ. Վարչութեան, հայրենի երաժիշտ Արմէն Ճէնտէրէճեանին, երաժշտանոցի վարչականներուն եւ ուսուցչական կազմին:
Երաժշտանոցի խումբ մը աշակերտներ եւ ուսուցիչներ հանդէս եկան ներկայացնելով 14 երաժշտական ստեղծագործութիւններ: