
Ուրբաթ, 5 Յուլիս 2019-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Նարեկ արքեպիսկոպոսի հովանաւորութեամբ, Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ տեղի ունեցան Համազգայինի «Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտական քոլեճի 2018-2019 կրթական տարեշրջանի ամակերջի հանդէսն ու վկայականաց բաշխումը:
Հանդիսութիւնը ընթացք առաւ Լիբանանի ու Հայաստանի քայլերգներուն ունկնդրութեամբ, որմէ ետք ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ Համազգայինի գեղարուեստի դպրոցներու տնօրէն Թամար Սնապեան-Սուրճեան: Ան ըսաւ, թէ այսօր աւելի քան 35 տարուան վաստակով Լիբանանի միակ հայալեզու երաժշտական հաստատութեան` Համազգայինի «Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտական քոլեճի տօնն է: Տօն է տեսնել քոլեճի շրջանաւարտները բեմին վրայ, տօն է, որովհետեւ անոնք յաջողած են մշակոյթի շուրջ խմբուիլ: Ան նշեց, որ Համազգայինի կրթօճախը, հաւատարիմ իր առաքելութեան, կը շարունակէ նաւարկել մշակոյթի անծայրածիր ովկիանոսին մէջ` ի գին մեծ զոհողութիւններու: Տնօրէնութիւն, խնամակալութիւն, Շրջանային վարչութիւն, ուսուցչական կազմ եւ պաշտօնէութիւն կը հաւատան, որ «Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտանոցի աշակերտները արժանի են բոլորին անմիջական գուրգուրանքին: Խօսքի աւարտին ան յայտնեց, որ այսօր հպարտ են շրջանաւարտներու ծնողները եւ երաժշտական քոլեճի անձնակազմը, որոնք կրցած են մղել պատանիները եւ երիտասարդները դէպի արուեստ ու երաժշտութիւն:
Այնուհետեւ Անժելա Պուճիքեան դաշնակով ներկայացուց Շոփենի «Nocturne Op. Posth., No. 21», իսկ Ժորժ Մանուկեան մեկնաբանեց Թոսթիի «Good Bye!» երգը, ապա Նինա-Ռիթա Պէօյիւքեան դաշնակով ներկայացուց Շոփենի «Nocturne Op. 72, No. 1»: