
Համազգայինի «Բարսեղ Կանաչեան» Երաժշտական Դպրոցի Վարչութիւնը կազմակերպեց երաժշտական եօթ ելոյթներու շարք մը, Ա. Մանուկեան Ժ. Տան «Լեւոն Շանթ» սրահէն ներս, խանդավառելով մշակութասէր հալէպահայութիւնը: Համերգներուն հանդէս եկան ձայնամարզութեան եւ երաժշտական գործիքներու աշակերտները, որոնք իրենց գեղեցիկ կատարումներով հայկական եւ միջազգային երաժշտութեան գեղեցիկ ընտրանի մը ներկայացուցին հանդիսատեսներուն:
Երաժշտական համերգներու վերջինը յատկացուած էր վկայականաց բաշխման հանդիսութեան, որ տեղի ունեցաւ հովանաւորութեամբ Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մասիս Սրբ. Եպս. Զօպուեանի, Հինգշաբթի 11 Մարտ 2021-ին, երեկոյեան ժամը 6:30-ին, Ա. Մ. Ժ. Տան «Լեւոն Շանթ» սրահէն ներս: Հանդիսութեան ներկայ էին Առաջնորդ Սրբազան Հայրը, Ազգ. Վարչութեան ներկայացուցիչները, Համազգայինի Սուրիոյ Շրջ. Վարչութիւնը, հալէպահայ միութիւններու եւ երաժշտանոցներու ներկայացուցիչներ եւ երաժշտասէր հանրութիւնը:
Հանդիսութեան բացումը կատարուեցաւ Սուրիոյ եւ Հայաստանի քայլերգներով, ապա օրուան հանդիսավար Մարինա Պօղիկեան հրաւիրեց ներկաները մէկ վայրկեան յոտնկայս յարգելու յիշատակը Արցախի եւ Սուրիոյ նահատակներուն:
Բացման խօսք արտասանեց Համազգայինի «Բարսեղ Կանաչեան» Երաժշտական Դպրոցի Վարչութեան ատենապետ Արուս Շահինեան: Ան լուսարձակի տակ առնելով Համազգայինի Բարսեղ Կանաչեան Երաժշտական Դպրոցին առաքելութիւնը, յայտնեց, թէ երաժշտանոցը հիմնադրութեան օրէն սկսեալ կը նպատակադրէ երաժշտութեան հանդէպ սէրը վառ պահել նոր սերունդներուն մօտ, անոնց ծանօթացնելով միջազգային երաժշտական ստեղծագործութիւններուն, մանաւանդ Հայ մեծանուն երաժիշտներու կտորներուն, հայերէն երգերուն եւ երաժշտութեան: