
Կազմակերպութեամբ Համազգայինի «Բ. Կանաչեան» երաժշտական քոլեճին, նախագահութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ եպս. Խաչերեանին եւ հովանաւորութեամբ Լիբանանի պետական երաժշտանոցի տնօրէն Ուալիտ Ղոլմիէին, Չորեքշաբթի, 4 Մարտ 2009-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին Սեն ԺոզեՖ համալսարանի «Ապու Խաթեր» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Համազգայինի «Բ. Կանաչեան» երաժշտական քոլեճի 25-ամեակի պաշտօնական հանդիսութիւնը՝ ներկայութեամբ Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպանատան հաւատարմատար Ռուբէն Խարազեանի, նախկին երեսփոխան Ժաք Չուխատարեանի, Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Անդրանիկ Մսըրլեանի, Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան պատուիրակութեան եւ մշակութային, կրթական, քաղաքական, մարզական ու առողջապահական միութիւններու եւ հաստատութիւններու ներկայացուցիչներու:
Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգները լսելէ ետք Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան խօսքը արտասանեց Յակոբ Աբրահամեան, որ նշեց, թէ Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի ամէնէն ճակատագրական տարիներուն, 1983-ին ստեղծուեցաւ «Բ. Կանաչեան» երաժշտական քոլեճը, որ արտագաղթի ու ձուլման հոսանքին դէմ յանդիման առաջին օրէն իսկ դարձաւ հայ երաժշտութեան ու երգի տարածման հաստատուն ամրոց մը: Յակոբ Աբրահամեան յոյս յայտնեց, որ «Բ. Կանաչեան» երաժշտական քոլեճը Կանաչեանի դրոշմով օժտուած շարունակէ մշտապէս իր մասնակցութիւնը բերել լիբանանահայ կեանքին՝ ծառայելով կոմիտասներու եւ խաչատուրեաններու անմար ուղիին:
«Բ. Կանաչեան» երաժշտական քոլեճի շրջանաւարտներուն անունով խօսք առաւ դոկտ. Թամար Գապաքեան-Հաշէօլեան, որ գնահատեց երաժշտական-ակադեմական եւ ազգային-երաժշտական կրթութեան կարեւորութիւնը:
Քոլեճի տնօրէն Արմէն Քեչեկ յայտնեց, որ այս յոբելեանը նախ եւ առաջ ուսուցիչի աշխատանքի գնահատանքին առիթն է, եւ Ուսուցչաց տօնի նախօրեակին երախտագիտութիւն յայտնեց ուսուցչական կազմին եւ պաշտօնէութեան՝ իրենց նուիրեալ աշխատանքին համար:
Լիբանանի պետական երաժշտանոցի տնօրէն Ուալիտ Ղոլմիէ այս առիթով ներկաներուն յայտնեց, որ ինք հանդիսութիւնը արժեւորելէ ետք արդէն պատրաստ է գործակցութեան համաձայնագիր կնքելու «Բ. Կանաչեան» երաժշտական քոլեճին հետ: Ան ըսաւ, թէ երաժշտութիւնը Աստուծոյ լեզուն է, որ բարի արտայայտութեան հիմնական միջոցներէն մէկն է:
Ձեռնարկի աւարտին Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ եպս. Խաչերեան փոխանցեց իր սրտի խօսքը: Առաջնորդ սրբազանը նշեց, որ այս տօնը յաղթանակի ու միասնաբար ապրելու ու գործակցելու օր է: Գեղամ եպս. Խաչերեան ըսաւ, թէ «Բ. Կանաչեան» երաժշտական քոլեճը սերունդներու կերտման ապահով կառոյց մըն է, որ կը վայելէ համայնքին վստահութիւնը:
Իր շնորհաւորական խօսքէն ետք Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդը ընթերցեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսին օրհնութեան եւ գնահատանքի գիրը:
Ձեռնարկին ընթացքին գեղարուեստական յայտագիրով իրենց մասնակցութիւնը բերին Համազգայինի «Բ. Կանաչեան» երաժշտական քոլեճի շրջանաւարտներն ու աշակերտները, որոնք ջութակահարներու եւ կիթառահարներու խումբերով, եռեակներով եւ անհատական կատարումներով արժանացան ներկաներու ջերմ գնահատականին:
Նաեւ ներկաները դիտեցին քոլեճի 25-ամեայ երթը ծանօթացնող տեսաերիզ մը, ուր լիբանանահայ հանգուցեալ մտաւորական Գրիգոր Շահինեան փոխանցած էր 25-ամեակի առիթով իր պատգամն ու բարեմաղթութիւնները:
Այս առիթով Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութիւնը Համազգայինի յուշանուէրով արժեւորեց Ուալիտ Ղոլմիէի գործակցութեան ոգին:
(Քաղուած՝ Ազդակ օրաթերթէն)