
Ուրբաթ, 21 Մայիս 2010-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, «Էմիլ Լահուտ» հանդիսասրահին մէջ տեղի ունեցաւ Համազգայինի «Գայեանէ» պարի դպրոցին տարեկան ելոյթներուն առաջին ներկայացումը, ներկայութեամբ ծնողներու, համազգայնականներու, արուեստասէրներու եւ մեծաթիւ հանրութեան:
Հանդիսութեան բացման խօսքը արտասանեց ձեռնարկի հանդիսավար Յաւերժ Շխրտմեան, որ նշեց, թէ այս ելոյթին իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն 7-17 տարեկան 281 աշակերտներ: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց ելոյթին յաջողութեան նպաստող բոլոր ծնողներուն ու օժանդակողներուն, որոնք նիւթապէս ու բարոյապէս նեցուկ կանգնեցան Համազգայինի ընտանիքին:
Ան շնորհակալութիւն յայտնեց նաեւ Անդրանիկ եւ Նարինէ Գրիգորեաններուն՝ իրենց տարած բծախնդիր ու արդիւնաւէտ աշխատանքին համար: Իր խօսքի աւարտին, Յաւերժ Շխրտմեան ըսաւ. «Մենք՝ նման մեր լեռներուն, ձեռք-ձեռքի իրարմով զօրացած ու հայոց լեռնապարէն ներշնչուած կը հաւատանք, որ յաջողութիւնը կը կերտուի հաւաքական կամքով»:
Առաջին արարով Համազգայինի «Գայեանէ» պարի դպրոցի աշակերտները ներկայացուցին «Բերդ», «Քոչարի», հնդկական, լատինական, «Ուզունտարա», «Սարերի հովին», «Առաջին քայլեր», «Նոր պար» եւ ազգագրական պարեր: «Առաջին քայլեր»ը դպրոցի նախապատրաստական ծրագիրը աւարտած աշակերտներու անդրանիկ կատարումն էր:
Դադարին ցուցադրուեցաւ Համազգայինի «Լ. Շանթ» մշակութային կեդրոնի եւ «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ժ. եւ Ց. Խաչատուրեան» կեդրոններու մէջ պարի դպրոցի աշակերտներուն փորձերը ներկայացնող տեսաերիզ մը:
Իսկ երկրորդ արարով պարի դպրոցին աշակերտները պարեցին «Սասնայ պար», «Վալս», «Կատակ պար», «Յունական», «Աղբիւրի մօտ», «Շորորա», լատինական եւ «Սարդարապատ» պարերը: Գեղարուեստական յայտագիրը իր աւարտին հասաւ շուրջ 200 աշակերտներու մասնակցութեամբ հաւաքական պարով մը: «Սասնայ պար»ին նաեւ իր մասնակցութիւնը բերաւ Համազգայինի «Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտական քոլեճի տհոլահարներու խումբը, մինչ երգը մեկնաբանեց Անդրանիկ Գրիգորեան:
Շուրջ երկու ժամուան ընթացքին, «Գայեանէ»ի փոքր թէ մեծ 281 աշակերտները ներկաներուն հրամցուցին հայկական թէ օտար պարարուեստէն իւրայատուկ կատարումներ: Լուսաւորումը, բեմին վրայ զուգահեռաբար ցուցադրուած տեսաերիզներն ու պատկերները, աշակերտներուն համաչափութիւնը, պարուսոյց Անդրանիկ Գրիգորեանի ջանքերուն շնորհիւ ստեղծուած գեղարուեստական երանգները եւ Համազգայինի կազմակերպուածութիւնը կու գային անգամ մը եւս հաստատելու, որ «Գայեանէ» պարի դպրոցը իր աւելի քան 370 աշակերտներով (նախապատրաստականի աշակերտները ելոյթին չեն մասնակցիր) կը տանի ոչ միայն մշակութային, այլ նաեւ ազգապահպանման առաքելութիւն:
Ելոյթի աւարտին բեմ բարձրացան «Գայեանէ» պարի դպրոցի պարուսոյց եւ գեղարուեստական պատասխանատու Անդրանիկ Գրիգորեանն ու օգնական Նարինէ Գրիգորեանը, որոնք իրենց կարգին արժանացան ներկաներու գնահատանքին ու ծափահարութիւններուն: