
Կիրակի, 24 Մայիս 2009-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, «Էմիլ Լահուտ» հանդիսասրահին մէջ տեղի ունեցաւ Համազգայինի «Գայեանէ» պարի դպրոցի այս տարուան վերջին եւ երրորդ ելոյթը՝ ներկայութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ եպս. Խաչերեանի, վեր. Սողոմոն Քիլաղպեանի, հոգեւոր հայրերու եւ քոյրերու, կրթական պատասխանատուներու ու տնօրէններու, պատկան մարմիններու ու միութիւններու ներկայացուցիչներու, արուեստասէրներու, համազգայնականներու եւ ծնողներու:
Հանդիսութեան բացման խօսքը արտասանեց Թամար Նալպանտեան, որ նշեց, թէ Համազգայինի «Գայեանէ» պարի դպրոցը կը միտի մանուկներուն ու պատանիներուն մօտ վառ պահել հայ ժողովուրդի մշակութային ժառանգութեան մէկ հատուածը՝ պարարուեստը, եւ այս գծով բազմաբնոյթ աշխատանքներ ի գործ կը դնէ՝ իրականացնելու համար նշեալ մեկնակէտը:
Թամար Նալպանտեան յայտնեց, որ դպրոցի պարուսոյց եւ գեղարուեստական պատասխանատու Անդրանիկ Գրիգորեան կարգապահութեամբ, ճշդապահութեամբ եւ հետեւողական աշխատանքով լի ու լի կը կատարէ իրեն վստահուած առաքելութիւնը: Խօսքի աւարտին Նալպանտեան շնորհակալութեան խօսք ըսաւ բոլոր անոնց, որոնք նիւթապէս եւ բարոյապէս օժանդակեցին այս մեծաշուք հանդիսութեան յաջողութեան:
Ապա շուրջ մէկուկէս ժամուան ընթացքին երկու արարով ելոյթ ունեցան պարի դպրոցի աւելի քան երկու հարիւր աշակերտները, որոնք ներկայացուցին «Սարդարապատ», «Արարատեան աղջիկներ», «Քոչարի», «Ուզունտարա», «Բերդ», «Անուրջներ» եւ այլ պարեր: Յայտագիրի 18 պարերուն մէջ նաեւ ներառուած էին օտար ազգութիւններու պարեր, ինչպէս՝ սպանական եւ յունական:
Պարերուն մէջ յստակօրէն բացայայտ էին համաչափութիւնն ու այլազանութիւնը: Բեմի յարդարանքը, լուսաւորումը, ձայնի սարքաւորումն ու պարեղանակներու ընտրութիւնը, աշակերտներուն բեմական կեցուածքն ու սքանչելի կատարումը եւ ելոյթին կազմակերպուածութիւնը ձեռնարկին կու տային յատուկ արժէք ու գունաւորում:
Արարներուն միջեւ դադարին ընթացքին ցուցադրուեցան Համազգայինի «Լ. Շանթ» եւ «Ժ. եւ Ց. Խաչատուրեան» կեդրոններուն մէջ պարի դպրոցի փորձերէն հատուածներ:
Հանդիսութեան աւարտին իր սրտի խօսքը փոխանցեց Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ եպս. Խաչերեան, որ բարձրօրէն գնահատեց դպրոցի աշակերտներուն կատարումները՝ շեշտելով, որ այսքան գեղեցիկ պատկերի դիմաց պէտք չէ լուռ կենալ, այլ՝ պէտք է մտածել կատարուած մեծ աշխատանքին մասին:
Առաջնորդ սրբազանը յայտնեց, որ Համազգայինը մեծ դպրոց մըն է, ուր աշակերտները կը ստանան հայկական ինքնութեան պահպանման դաստիարակութիւնը:
Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդը իր խօսքի աւարտին ըսաւ, թէ Համազգայինը իր եռանդով ու խանդավառութեամբ զոյգ կեդրոններուն մէջ կը ստեղծէ հիանալի, մշակութային եւ ազգային առողջ մթնոլորտ, որ նոյնինքն լիբանանահայ գաղութի ուժականութիւնը կþարժեւորէ: