
Համազգայինի Կիպրոսի կազմի վարչութեան հրաւէրով, Շաբաթ՝ 26 Նոյեմբեր 2022-ին Նիկոսիայի «Տիոնիսոս» սրահին մէջ ելոյթ ունեցաւ Համազգայինի Լիբանանի «Գասպար Իփէկեան» թատերախումբը, կիպրահայութեան ընծայելով հրաշալի առիթ մը՝ վերյիշելու եւ վերապրելու թատերական անցեալի մթնոլորտը, որ կենդանի կը պահուէր տեղական «Դիմակ» թատերախումբի տարեկան ներկայացումներով։
Յակոբ Տէր Ղուկասեանի բեմադրութեամբ ներկայացուած գործը Փաթիլ Գուլաճեանի թարգմանութեամբ՝ Ժան-Փիէռ Մարթինեզի «Վտանգաւոր, բայց․․․ Կայուն» կատակերգութիւնն էր, որ սահուն խաղարկութեամբ հրամցուեցաւ հանդիսատեսներուն, արժանանալով խանդավառ ծափահարութեան։
Բեմադրիչ Յակոբ Տէր Ղուկասեան այս կտորի ներկայացման համար, փորձառու դերասաններու կողքին բոլորած էր նաեւ երիտասարդ ուժեր եւ այս դժուար ժամանակներուն, բոլորին ջանքերով ու զոհաբերութեամբ անոնք յաջողած էին վերարծարծել բեմական արուեստի բոցը, որ շատոնց հանգած էր պատերազմներու, համաճարակներու եւ տակաւին շարունակուող տնտեսական ահաւոր տագնապներու պատճառով։
Ներկայացումէն ետք խօսք առաւ թատերախումբի վարչութեան ատենապետը՝ Մարտիկ Տէմիրճեան, որ շնորհակալութիւն յայտնեց «Գասպար Իփէկեան» թատերախումբին ընծայուած այս առիթին համար, անդրադառնալով նաեւ՝ Համազգայինի տարբեր շրջաններու միջեւ կապերն ու գործակցութիւնը ամրապնդելու կարեւորութեան։ Ապա, ան թատերախումբին անունով յուշանուէր մը յանձնեց Համազգայինի Կիպրոսի կազմի վարչութեան ատենապետ Արթօ Դաւիթեանին, որմէ ետք բեմ հրաւիրուեցան տեղական «Հէքիաթ» թատերական աշխատանոցի սաները, Սփիւռքի առաջատար թատերախումբին հետ յիշատակի անմոռանալի խմբանկար մը ունենալու համար։
Հանդիսատեսները խոր գոհունակութեամբ մեկնեցան սրահէն, երախտագիութեան եւ հիացական արտայայտութիւններով։ Կիպրոսի կազմի վարչութիւնը իր բոլոր անդամներուն անունով խոր շնորհակալութիւն կը յայտնէ Համազգայինի Լիբանանի «Գասպար Իփէկեան» թատերախումբին, որ ընդառաջելով իր հրաւէրին, Կիպրոս ժամանեց ու սատար հանդիսացաւ տեղի մշակութային կեանքի աշխուժացումին։