
Հոկտեմբեր 2002-էն ի վեր եւ հետեւողականօրէն 13-րդ տարին ըլլալով, Երեւանի մէջ 1-10 Հոկտեմբերին տեղի պիտի ունենայ «Հայ Ֆեսթ» տարեկան փառատօնը: Սոյն փառատօնին կը հրաւիրուին զանազան երկիրներու թատերախումբերը, որոնք հանդէս կու գան բոլոր լեզուներով:
Այս տարի փառատօնին առաջին անգամ ըլլալով իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ Համազգայինի «Գասպար Իփէկեան» թատերախումբը` Լոռն Շիրինեանի «Կոթողական» թատերախաղով, բեմադրութեամբ` Յակոբ Տէր Ղուկասեանի, մասնակցութեամբ` գաղութի հանրածանօթ դերասաններ Վարդան Մկրտիչեանի, Հրայր Գալեմքերեանի եւ Հերմինէ Նիւրբեթլեանի: Արդարեւ, Լիբանանի մէջ ապրիլ ամսուան ընթացքին յիշեալ թատրերգութիւնը մեծ յաջողութեամբ հանրութեան դիմաց բեմականացնելէ ետք, այս շաբաթ թատերախումբը կը մեկնի Երեւան` իր մասնակցութիւնը բերելու «Հայ Ֆեսթ» փառատօնին եւ Կիրակի, 4 Հոկտեմբեր 2015-ի երեկոյեան Համազգայինի բեմին վրայ ներկայացնելու «Կոթողական»-ը:
Նշենք, որ 2007-ին դերասան Վարդան Մկրտիչեան իր մասնակցութիւնը բերաւ «Հայ Ֆեսթ» փառատօնին, ուր հովանաւորութեամբ Համազգային հայ մշակութային եւ կրթական ընկերակցութեան` ներկայացուց Շահան Շահնուրի «Նահանջը առանց երգի» մենաթատրոնը: