
Click for the Photo Gallery
«Հայկական է, պատուական է» նախաձեռնութիւններուն ծիրին մէջ, հովանաւորութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ եպս. Խաչերեանի եւ կազմակերպութեամբ Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան, Ուրբաթ, 16 Յունուար 2009-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Համազգայինի «Լ. Շանթ» մշակութային կեդրոնի «Գ. եւ Հ. Արմէնեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Համազգայինի գեղարուեստի դպրոցներու «Եռագոյն ֆոնտ»ի ստեղծման հանդիսութիւնը՝ ներկայութեամբ համազգայնականներու, ծնողներու ու ժողովրդային բազմութեան:
Ձեռնարկին բացման խօսքը արտասանեց Համազգայինի «Լ. Շանթ» մշակութային կեդրոնի տնօրէն Րաֆֆի Տեմիրճեան, որ նշեց, թէ գեղարուեստի դպրոցներու գոյատեւումը կը կարօտի կազմակերպուած աշխատանքի, համազգայնական ոգիի, մասնագէտ արուեստագէտներու եւ նիւթական միջոցներու:
Ան ըսաւ, թէ Համազգայինի գեղարուեստի դպրոցներու «Եռագոյն ֆոնտ»ի ստեղծումը լաւագոյն շարժառիթն է յաւելեալ նեցուկ ապահովելու գեղարուեստի չորս դպրոցներուն, որպէսզի անոնք յաւելեալ թափով շարունակեն իրենց գործունէութիւնը:
Րաֆֆի Տեմիրճեան իր խօսքի աւարտին յայտնեց, թէ «Եռագոյն ֆոնտ»ը մշակոյթի ճամբով Եռագոյնին համար ծառացող համեստ քայլ մըն է, որ իրողապէս իր մեծ ներդրումը պիտի ունենայ գեղարուեստի դպրոցներու նոր ձեռքբերումներուն մէջ:
Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան խօսքը փոխանցեց Շրջանային վարչութեան ատենապետ Յակոբ Լատոյեան, որ ըսաւ, թէ ներկայիս Համազգայինի երկու կեդրոնները կը յաճախեն աւելի քան 800 հայ պատանի-պարմանուհիներ, որոնք իրենց դպրոցէն կամ ազատ ասպարէզէն ետք կը հետեւին հայ երգի, երաժշտութեան, թատրոնի, կերպարուեստի եւ պարի:
Լատոյեան նշեց, որ Համազգայինի դժուարութիւնները շատ են, սակայն անոնք օրէ-օր կը յաղթահարուին, երբ «բարերարներ կը կապուին մեզի եւ մեր նիւթական մտահոգութիւնները ստանձնելով զօրավիգ կը կանգնին մեր նախաձեռնութիւններուն»:
Յակոբ Լատոյեան շեշտեց, թէ Համազգայինի բոլոր կառոյցները կը գործեն «Հայկական է, պատուական է» սկզբունքով, քանի որ իւրաքանչիւր մարզ իր էութեամբ իր հայկական դրոշմը ունի:
Ան նաեւ յայտնեց, որ ֆոնտի գաղափարը Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ եպս. Խաչերեանին կը պատկանի եւ ան բարերարի մը առաջարկած էր, որ հայկական դպրոցի առաքելութեան չափ գործ տանող կեդրոնի մը հովանաւորութիւնը ստանձնէ, եւ երբ ենթակայ բարերարը ընդառաջած էր այդ առաջարկին, ապա ստեղծուեցաւ «Եռագոյն ֆոնտ»ը:
Իր խօսքը եզրափակելով Յակոբ Լատոյեան հաստատեց, թէ Համազգայինի զոյգ կեդրոնները իրենց այսօրուան կենսունակութեամբ յառաջիկայ տարիներուն նեղ պիտի գան մեր երիտասարդութեան:
Ձեռնարկի ընթացքին գեղարուեստական հարուստ յայտագիրին իրենց մասնակցութիւնը բերին Համազգայինի «Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտական քոլեճի աշակերտներն ու ջութակներու եւ կիթառներու համոյթները, որոնք ունեցան բարձրորակ կատարումներ: Իսկ «Արեգ» թատերական դպրոցը ասմունքով եւ գեղեցիկ կենդանի պատկերով ներկայացուց հայութեան կամքն ու գոյատեւելու երաշխիքը:
Հանդիսութեան աւարտին իր սրտի խօսքը փոխանցեց Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ եպս. Խաչերեան, որ շեշտեց, թէ լիբանանահայութեան ազգային նկարագիրի կերտման մէջ Համազգայինը ունեցած է եւ ունի մեծ դերակատարութիւն:
Առաջնորդ սրբազանը ըսաւ, թէ Համազգայինի «Լ. Շանթ» կեդրոնի հիմնադիրները ունեցած են տեսիլք մը, որ իրականացած է, եւ այդ տեսիլքին նկատմամբ համազգայնականներուն մօտ միեւնոյն մօտեցումին շարունակութիւնն է, որ շարժառիթ կը հանդիսանայ նորանոր ձեռքբերումներու:
Գեղամ եպս. Խաչերեան նաեւ յայտնեց, որ արուեստը մարդուն որակը կը բարձրացնէ, եւ այս ծիրին մէջ գեղարուեստի դպրոցները իրենց գործունէութեամբ ունին մեծ դեր, որուն գործունէութեան ընդարձակման համար ստեղծուած է «Եռագոյն ֆոնտ»ը:
Առաջնորդ սրբազանը նշեց, որ ֆոնտին հիմնադիրը իր անունը չի յայտարարեր, քանի որ կը նկատէ, թէ հայկականութիւն խորհրդանշող Եռագոյնին անուանումը ամբողջական տուեալ մըն է՝ աւելցնելով, որ բարերարին անունը չյայտարարելը նոյնինքն Ֆոնտին կու տայ յաւելեալ խորհուրդ:
Վերջապէս, Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդը հաստատեց, թէ «Հայկական է, պատուական է» կարգախօսը ապրեցնող ու այդ հոսանքին թափ տուող հիմնական կառոյցներէն մէկը կը մնայ Համազգայինի մեծ ընտանիքը: