
Նախագահութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեանի, կազմակերպութեամբ Համազգայինի գեղարուեստի դպրոցներու խնամակալութեան եւ տնօրէնութեան, Կիրակի, 16 Հոկտեմբեր 2022-ին, երեկոյեան ժամը 7:30-ին, «Յովհաննէս Պօղոսեան» թատերասրահին մէջ տեղի ունեցաւ Համազգայինի «Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտական քոլեճի եւ «Թորոս Ռոսլին» կերպարուեստի դպրոցի 2021-2022 կրթական տարեշրջանի 7-րդ եւ 10-րդ դասարաններու ամավերջի հանդէս եւ վկայականաց բաշխում:
Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք բարի գալուստի խօսքով հանդէս եկան Կասիա Գրիգորեան եւ Նարեկ Քէշիշեան:
Համազգայինի գեղարուեստի դպրոցներու վարչական տնօրէն Մարալ Հարպոյեան իր խօսքին մէջ հաստատեց, որ Համազգայինը հայ ժողովուրդի ինքնուրոյն դիմագիծի ու ազգային պատկանելիութեան ամրապնդման ռահվիրան եղած է տասնամեակներ շարունակ սփիւռքի ամբողջ տարածքին` մնալով ազգային մշակութային ժառանգութեան պահպանման, զարգացման ու տարածման մշտարթուն պահակը, ջահակիրը` զայն ապահով կերպով փոխանցելով նոր սերունդներուն: