
«ԳԼԱՁՈՐԸ՝ ՄԵՐ ՈՍՊՆԵԱԿԷՆ»
Մարաթուկ
Աչքս բացի Համազգային տեսայ, Համազգայինի Վահէ Սէթեան հրատարակչատուն. Համազգայինի Նշան Փալանճեան ճեմարան, Գրախանութ, Գասպար Իփէկեան թատերախումբ, Վասպուրական սրահ, երգչախումբ ու պարախումբ, Հայագիտական հիմնարկ։ Աչքս բացի հայութիւն տեսայ։
Երբ պատանի տարիքիս հաստատուեցայ Թորոնթօ, բնականաբար քայլերս ուղղուեցան դէպի Համազգայինի «Յարութիւն Մանուկեան» գրադարան. հոն էին Դանիէլ Վարուժանը, Սեւակները, Մեծարենցն ու Չարենցը , մեր գրականութիւնն ու լեզուն։ Ճիշդ ըսած է Համօ Սահեան՝ ի՞նչ ունենք էլ աշխարհում որ այսքան մերը լինի։ Բնականաբար, քայլերս ուղղուեցան դէպի Համազգայինի «Ժորժ Սարգիսեան» թատերախումբ, ուր գտայ Լեւոն Շանթն ու Շիրվանզադէն, Պարոնեանը...։ Համազգայինի «Էրեբունի» Պարախումբ, հոն ուրկէ կու գար մեր պապերուն ոտնաձայնը, ուր մարմին կ՚առնէր Չարենցի «Ես իմ անոյշ Հայաստանի»ն։ Համազգայինի «Գուսան» երգչախումբ. հոն էր որ կը ղօղանջէր մշտահունչ Կոմիտասը։ Համազգայինի «Արշիլ Կորքի» ցուցասրահ, Համազգայինի Նուռ ֆիլմի փառատօն, ուր թռիչք կ՚առնէր մեր երեւակայութիւնը։
Սփիւռքի տարածքին, հայ մշակոյթը ապրեցնելու տեսլականով էր որ ճամբայ ելան Համազգայինի հիմնադիրները՝ Լեւոն Շանթ, Նիկոլ Աղբալեան ու Բժ. Համօ Օհանջանեան, Գասպար Իփէկեան, 28 Մայիս 1928-ին. նոյն տեսլականով շարունակեցին Թորոնթոյի (յետագային՝ Գլաձոր) մասնաճիւղի հիմնադիր յանձնախումբի ընկերներ Ժիրայր Յովհաննէսեանը, Աբգար Միրաքեանը, Վահէ Մարտիրոսեանը Շուշիկ Պոյաճեանն ու Ներսէս Կէտիկեանը, 1969-ին։
Յիսուն տարիներ անց՝ Կիրակի, 8 Դեկտեմբեր 2019-ի երեկոյեան, Թորոնթոյի Հայ Երիտասարդական Կեդրոնէն ներս Համազգայինի Գլաձոր մասնաճիւղի յիսնամեայ գործունէութիւնը ցոլացնող տօնախմբութիւն է, հովանաւորութեամբ՝ Համազգայինի Գանատայի շրջանային վարչութեան։ Կեդրոնի մուտքին, կապոյտ, ոսկեգոյն եւ արծաթագոյն փուչիկներէն անդին՝ շքեղօրէն զարդարուն հիւրասիրութեան սեղանին ետեւ կը տեսնենք Համազգայինի Գլաձոր մասնաճիւղի մեծերու եւ փոքրերու աշխատանոցներու մասնակիցներուն գրաւիչ գործերէն նմոյշներ։ Աջին կ՚երեւին աչքառու լուսանկարներու ընտրանի, հետաքրքրաշարժ ծանուցումներու համադրում, որոնց ներքեւ, բծախնդրութեամբ համադրուած գիրքերու կոյտ մը, որ կը խորհրդանշէ հարիւրէ աւելի շնորհահանդէսներու կազմակերպութիւնը։ «Համազգային» թատերասրահի մուտքին, սեղանի մը վրայ շարուած՝ Գլաձորի յիսնամեայ գործունէութիւնը պարփակող պատկառելի Յուշամատեանէն օրինակներ. պատրաստութիւնը՝ Ժիրայր Պետրոսեանի։