
Հովանաւորութեամբ Համազգայինի Պէյրութի «Կոմիտաս» մասնաճիւղին, կազմակերպութեամբ Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան, Լիբանանի մէջ արժանավայել կերպով նշուեցաւ Կոմիտասի ծննդեան 150-ամեակը` Համազգայինի «Գուսան» երգչախումբին համերգով:
Խմբավարութեամբ Գրիգոր Ալոզեանի ու նուագակցութեամբ Յասմիկ Գասպարեանի, Կիրակի, 30 Յունիս 2019-ի երեկոյեան ժամը 7:30-ին Պէյրութի վարչապետարանին դիմաց գտնուող Ազգային աւետարանական եկեղեցին լեցուած էր Կոմիտասի եւ «Գուսան»-ի արուեստը սիրողներով ու քաջալերողներով, յարգողներով, նաեւ` պաշտօնական անձնաւորութիւններով:
Ներկայ էին` Լիբանանի հայ երեք յարանուանութեանց ներկայացուցիչներ, քրիստոնեայ այլ համայնքներու պետեր, հայ եւ օտար դեսպանատուներու ներկայացուցիչներ, երեսփոխաններ, Համազգայինի Կեդրոնական վարչութենէն, Լիբանանի Շրջանային վարչութենէն, Պէյրութի «Կոմիտաս» մասնաճիւղէն անդամներ: Իսկ եկեղեցին լի էր Համազգայինի հաւատարիմ եւ գործունեայ ընկերներով, տարեց գուսանականներով եւ շատ մը ոչ հայ կառոյցներու ներկայացուցիչներով:
Համերգը սկսաւ Կարէն Արաբկիրլեանի անդրադարձով, ապա երգեհոնի նուագով հնչեց «Սիրտ իմ սասանի»-ն, որուն ընթացքին երիտասարդներ մոմերթով ոգեկոչեցին յիշատակը մեծն Կոմիտասի` անոր պատկերին առջեւ: Այդ պահուն ներկաները կամրջուեցաւ 1935 թուականին` Կոմիտասի մահուան, որուն առիթով երգչախումբը իր յարգանքը արտայայտեց իր հիմնադիրին:
Անկէ ետք «Գուսան» երգչախումբի արական կազմը վերնատունէն երգեց Կոմիտասի ս. պատարագէն «Միայն սուրբ»-էն մինչեւ «Ի սուրբ, ի սուրբ» հատուած` Աւետիս Ագրապեանի մենակատարութեամբ:
Ասիկա պարզ զուգադիպութիւն չէր, արդարեւ, «Գուսան» երգչախումբը, Կոմիտասի ղեկավարութեամբ, առաջին անգամ երգեց հայ եկեղեցական երգը` շարականն ու գանձը, Պոլսոյ մէջ, հայ ժողովուրդի գոհարները հասցնելով ամբողջ աշխարհին: