
Երկու տարուան հետեւողական փորձերէ ետք, Ուրբաթ, 27 մարտ 2009-ին, երեկոյեան ժամը 8:30-ին, Պէյրութի Ամերիկեան համալսարանի «Էսեմպլի հոլ»ին մէջ տեղի ունեցաւ Համազգայինի «Գուսան» երգչախումբին ելոյթը, ներկայութեամբ Լիբանանի Հայոց Թեմի առաջնորդ Գեղամ եպս. Խաչերեանի, Կիպրոսի Հայոց Թեմի կաթողիկոսական փոխանորդ Վարուժան արք. Հերկելեանի, Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Անդրանիկ Մսըրլեանի, պատկան մարմիններու ներկայացուցիչներու, համազգայնականներու եւ արուեստասէրներու:
Հանդիսութեան բացման խօսքը՝ Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան անունով արտասանեց Յակոբ Աբրահամեան, որ նշեց, թէ Սփիւռքի իրականութեան մէջ հայ երգը տարածելը ո°չ միայն կը նշանակէ ջատագով հանդիսանալ հայ երգի գոյերթին ապահովման, այլեւ՝ մասնակից դառնալ հայ երգին ընդմէջէն հայապահպանման մեծ գործընթացին:
Աբրահամեան յայտնեց, թէ Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութիւնը այս ելոյթը կը նուիրէ Գէորգ Գանտահարեանի յիշատակին՝ առ ի գնահատանք հայ երգի ու երաժշտութեան բնագաւառին մէջ անոր ունեցած մեծ վաստակին: Գանտահարեան անցեալին եղած էր խմբավար, ինչպէս նաեւ երկար տարիներ ծառայած է «Բ. Կանաչեան» երաժշտական քոլեճին՝ ստանձնելով քոլեճի վարիչ մարմնի ատենապետութիւնն ու քոլեճի հոգատարութիւնը:
Խօսքի աւարտին, Յակոբ Աբրահամեան բարձրօրէն գնահատելէ ետք խմբավար Պարգեւ Թասլաքեանի դերակատարութիւնը երգչախումբին մէջ՝ յոյս յայտնեց, որ «Գուսան»ի այս համերգը պարզապէս սկիզբը կը հանդիսանայ այլ ելոյթներու ու նախաձեռնութիւններու:
Ապա Համազգայինի «Գուսան» երգչախումբը հանրութեան ներկայացուց Կոմիտասի, Եկմալեանի, Յովհաննիսեանի, Ալթունեանի եւ Կանաչեանի ստեղծագործութիւններէն կտորներ, ինչպէս՝ «Ձիւն է գալիս»ը, «Նոր ծաղիկ»ը, «Քրիստոս ի մէջ»ը, «Սարէն ելաւ»ը, «Խաղաղ գիշեր է»ն, «Տէր ողորմեա»ն ու «Նանոր»ը: Յայտագիրին մէջ նաեւ ներառուած էին երկու արաբերէն երգեր:
Նշենք, որ Համազգայինի «Գուսան» երգչախումբի գեղարուեստական պատասխանատուն ու խմբավարն է Պարգեւ Թասլաքեան, իսկ երգչախումբին մաս կը կազմեն 40 անդամներ, որոնք ելոյթի ամբողջ տեւողութեան արժանացան ներկաներու ջերմ գնահատանքին ու ծափահարութիւններուն:
Հանդիսութեան աւարտին Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութիւնը՝ առ ի գնահատանք Գէորգ Գանտահարեանի ունեցած մեծ ներդրումին Համազգայինին, յետ մահու յուշանուէրը յանձնեց վաստակաւոր խմբավարի թորան՝ Սանան Գանտահարեանին: