
Կիրակի, 19 Փետրուար 2012-ին, Համազգայինի «Գլաձոր» մասնաճիւղի գրական խմբակի Ա. հաւաքի օրն էր. նիւթը՝ հայ քնարերգութեան ռահվիրաներէն՝ Վահան Տէրեան (1885-1920): Թորոնթոյի Հայ Կեդրոնի «Յարութիւն Մանուկեան» գրադարանին մէջ հաւաքուած են յիսուն գրասէրներ: Կը լսուին քնքոյշ երգեր, ներկաներուն միտքերն ու հոգիները պարուրելով Տէրեանի կախարդական խօսքերով:
Հաւաքը ծայր կ'առնէ ժամը 2:30-ին: Հակիրճ ներածականէ մը ետք, որուն ընդմէջէն ներկաները կը լսեն հաւաքի բնոյթին եւ նպատակին մասին, կարգը կը հասնի օրուան երիտասարդին՝ Ռազմիկ Մնացականեանին: Ռազմիկ ծնած է Թորոնթօ. մինչեւ 8-րդ դասարան ՀՕՄ-ի Ամէնօրեայ վարժարանը յաճախած է. համալսարանական ուսում ստացած է հետեւելով finance (տնտեսութիւն) ճիւղին: Վահան Տէրեանը իր նախասիրած գրողն է:
Ռազմիկ ամփոփ գիծերու մէջ կը ներկայացնէ Վահան Տէրեանի կենսագրական տուեալները. ան կ'անդրադառնայ Տէրեանի արժանիքներուն, ինքնատիպ ոճին, ստեղծագործութիւններուն, ուսումնական բարձր կրթութեան, իր ներաշխարհը յուզող մարդկային եւ ժողովրդային հարցերուն, կեանքին դժուար պայմաններուն եւ վերջապէս՝ վաղաժամ մահուան, 35 տարեկան հասակին՝ թոքախտի հետեւանքով: Կենսագրականէն ետք, Ռազմիկ կ'ընթերցէ իր ընտրած երեք բանաստեղծութիւնները.- «Շշուկ ու Շրշիւն», «Իմ գերեզմանին դուք չմօտենաք...» եւ «Քաղաք»:
Ներկաները ուշադրութեամբ կ'ունկնդրեն ընթերցումները, միեւնոյն ատեն հետեւելով բաժնուած պատճէններուն: Ռազմիկ կը հրաւիրէ զիրենք, որ բանաստեղծութիւն առ բանաստեղծութիւն իրենց տպաւորութիւնները բաժնեն եւ կարծիքներ արտայայտեն: Մէկ կարծիքը միւսին յաջորդելով, մէկ վերլուծումի փորձը միւսին ետեւէն ու արդէն հետաքրքրական զրոյց մը կը սկսի: Որոշ թեմաներ յառաջ կու գան.- օրինակ՝ աշունը, տրտմութիւնը, դալկութիւնը, սէրը, կարօտը, քաղաքը.... կը նկատուին կարգ մը զուգահեռներ Տէրեանի եւ Պետրոս Դուրեանի միջեւ: Անդրադառնալով Տէրեանի մեծութեան, առաջինն է որ գրաբարէն ետք, բիւրեղացած հայերէնով ստեղծագործած է. զինք զատորոշող արժանիքներէն է իր բծախնդրութիւնը՝ յանգերու գործածութեան եւ լեզուի նկատմամբ: Այլ կարեւոր կէտ մը՝ արեւելահայերէնով, սակայն մեսրոպեան ուղղագրութեամբ գրած է, ինչ որ զարմանալի չէ, նկատի առնելով իր ստեղծագործութեան ժամանակահատուածը:
Յոյժ գնահատելի է Ռազմիկ Մնացականեանի բծախնդիր աշխատանքը. խրախուսիչ երեւոյթ է, որ արդէն իսկ յաջորդող երեք ամիսներու նիւթերն ու ներկայացնող երիտասարդները պատրաստ են: Աւելին՝ հաւաքի մթնոլորտէն ոգեւորուած, գրական խմբակին կը միանայ ներկաներէն երիտասարդ մըն ալ: Հաւաքէն ետք, Ռազմիկ կը բաժնէ իր խոհերը.- «Ինծի համար շատ հաճելի էր բոլորին կարծիքները եւ վերլուծումները լսելը. նկատելի էր շատ ջերմ մթնոլորտը, ուր ամէն մարդ հանգիստ զգաց իր միտքը արտայայտելու: Շնորհիւ այս հաւաքին, ես առաւել եւս կարողացայ գնահատել Վահան Տէրեանի բանաստեղծութիւնները:»
Ճիշդ է. մէկ ու կէս ժամուան մէջ, ներկաները Տէրեանի ներաշխարհը գուցէ չթափանցեցին, ստեղծագործութիւնները լիովին չվերլուծեցին, աւելի հարցումներ ծագեցան իրենց միտքերուն մէջ, քան՝ պատասխաններ. սակայն, Տէրեանի մասին խօսեցան եւ պիտի խօսին, հայերէն կարդացին եւ պիտի կարդան, որովհետեւ հետաքրքրութիւն մը արթնցաւ իրենց մէջ: Առաւել՝ այս հաւաքին ընդմէջէն, ներկաները քաջալեր հանդիսացան հայ երիտասարդին: Համազգայինի «Գլաձոր» մասնաճիւղի գրական խմբակի Ա. հաւաքը հաստատ քայլ մըն է հայեցի դաստիարակութեան անդաստանին մէջ: Յաջորդ հաւաքին նիւթն է՝ Համօ Սահեան:
Թամար Տօնապետեան
(Թորոնթոհայ ամսաթերթ, Մարտ 2012)