
Թորոնթոյի մէջ յաճախ կը տեսնենք եւ կը լսենք Գրասէրներու Խմբակին ձեռնարկներու ծանուցումը «Նոր Հայ Հորիզոն»էն, թերթէն եւ կամ համակարգիչէն։ Արդէն 10 տարիներէ ի վեր Համազգայինի այս խմբակը մեր գրականութեան գոհարները կը ներկայացնէ թորոնթոհայ գաղութին։ Մեր յիշողութեան մէջ կենդանի են այն ձեռնարկները, ուր կենսագրականներէ, ուսումնասիրութիւններէ, քերթուածներէ, նամականիներէ եւ գրութիւններէ հատուածներ հրամցուած են հանդիսատեսին՝ ամենայն բծախնդրութեամբ։ Իւրաքանչիւր անգամ պաստառի վրայ հեղինակներու լուսանկարները, ձեռագիրները, յաճախած դպրոցները, երբեմն նոյնիսկ ձայներիզի վրայ հեղինակներուն ձայները կ’ընկերակցին իրենց գրականութենէն քաղուած նիւթերուն։
Գրական յանձնախումբը գիտակցօրէն ընտրած է երիտասարդներ, որոնք իրենց յայտագրին մաս կը կազմեն։ Յանձնախումբի անդամները, քաջալերելով երիտասարդ ոյժերը, անոնց տուած են ուղղութիւն, աղբիւրներ, բացատրականներ, յաճախ շատերու հետ ներկայացման փորձեր կատարելով։ Գրական բնոյթի այս ծրագիրներէն անդին, Գրասէրներու Խմբակին հաւաքները կը հետապնդեն յատուկ նպատակ՝ շարունակական հաւաքներու ընդմէջէն առիթ ընծայել հայ երիտասարդին, որ ան հայ գրականութեան էջերը սերտէ եւ գրական գործեր ներկայացնէ հայերէն լեզուով, մէկ խօսքով՝ Խմբակը կամուրջ մը ստեղծած է հայ երիտասարդին եւ հայ գրականութեան միջեւ։
Այնքա՜ն շնորհակալ ենք այս խմբակի ողնասիւնին՝ Թամար Տօնապետեան Գուզուեանին, որ յառաջացուցած, համադրած եւ հետապնդած է այս ծրագիրը, իր կողքին միշտ ունենալով ուսուցիչներէն՝ Մուշեղ Գարագաշեանը, Յասմիկ Պապեանը, Համազգայնական ընկերուհիներ՝ Արմինէ Թորիկեանը եւ Արտա Տէր Յակոբեան Էլէյճեանը, ինչպէս նաեւ ընկերներէն՝ Արեն Մնացականեանը, Վարագ Պապեանը եւ Ռուբէն Ճանպազեանը (Ռ․ Ճանպազեան Երևանէն ուղարկած ե-նամակին մէջ կը գրէ «…Ինչպէս մեր համայնքային կեանքի շատ մը փայլուն նախաձեռնութիւնները, մեր խմբակն ալ նոյնպէս կը գործէ մի քանի նուիրեալ կամաւորներու շնորհիւ, արհեստավարժութեան արդիւնքը տեսնելով յաճախ կը մոռնանք, որ կամաւորներն են, որ լոյս աշխարհ կը բերեն մեր հաւաքները։ Հազար ապրին մեր ընկերուհիները եւ ընկերները, որոնք ջանք չեն խնայեր, ու հայ գրականութեան հանդէպ իրենց ունեցած սէրն ու հաւատքը կը հրամցնեն թորոնթոհայութեան)»: