
Համազգայինի Նիկոսիոյ «Օշական» Մանաճիւղի «Դիմակ» թատերախումբի տարեկան ելոյթը տեղի ունեցաւ Կիրակի, 15 Դեկտեմբեր 2019-ին, ներկայութեամբ աւելի քան 200 հանդիսատեսներու որոնք եկած էին զուարճանալու՝ դիտելով Յարութ Թահմազեանի հեղինակութեամբ ու բեմադրութեամբ ներկայացուող «Նկարին Երկու Կողմը» զաւեշտը։
Այս անգամ սակայն, ակնկալութիւնները աւելի մեծ էին եւ խանդավառութիւնը զգալի, քանի որ բեմ պիտի բարձրանային նաեւ լիբանանահայ հանրածանօթ դերասան Փիէռ Շամմասեանն ու սիրուած դերասանուհի Սեդա Լեփէճեանը, որոնք բեմադրիչ Յարութ Թահմազեանի խնդրանքով իրենց սիրայօժար մասնակցութիւնը կը բերէին թատերախաղին։
«Դիմակ»ի հին եւ նորեկ դերակատարները հիւր դերասաններու կողքին՝ սահուն կերպող խաղացին իրենց դերերը, անշու՛շտ ներշնչուած Փիէռ Շամմասեանի ներկայութենէն, որ հակառակ իր յարաբերաբար կարճատեւ դերին, լեցուց բեմը եւ խանդավառեց ներկաները, որոնք բուռն ծափահարութեամբ ու աղաղակներով արտայայտեցին իրենց գնահատանքը։
Երեկոն ձօնուած էր Ատիս Հարմանտեանի յիշատակին, որուն երգերը օգտագործուած էին ներկայացումին մէջ։
Հանդիսութենէն ետք «Օշական» Մասնաճիւղի վարչութիւնը ընթրիքով մը պատուեց բեմադրիչը, դերակատարները ու յատկապէս հիւր դերասանները, որոնց յանձնուեցան յուշանուէրներ։ Վարչութեան ատենապետ Արթօ Դաւիթեան իր խօսքին մէջ շնորհակալութիւն յայտնեց բոլորին, չմոռնալով սեւ աշխատանքի հերոսները, որոնց հաւաքական աշխատանքին արդիւնքն էր այս յաջող ձեռնարկը։