
Համազգայինի Կիպրոսի «Օշական» Մասնաճիւղի «Դիմակ» թատերախումբը նոր տարուան առաջին օրերուն՝ 3 Յունուար 2016-ին զաւեշտով մը ներկայացաւ կիպրահայութեան, ուրախ եւ զուարճալի պահեր պարգեւելով ներկաներուն:
Ներկայացուեցաւ Յարութ Թահմազեանի «Ես Պարոնեանն եմ» զաւեշտը, հեղինակի բեմադրութեամբ եւ մասնակցութեամբ «Դիմակ» թատերախումբի հին ու նոր անդամներուն: Նիւթը կը ներկայացնէր Պարոնեանը, որ դարձեալ երկիր ղրկուած էր, մեղմելու իր խայթոցները, որպէսզի հանգիստ խղճով դրախտ կարենար մտնել: Սակայն ան կը տեսնէ, որ ոչինչ փոխուած է եւ նոյնիսկ անհրաժեշտ կը համարէ աւելի խստացնելու իր խայթոցները:
«Նարեկ» վարժարանի հանդիսասրահին մէջ տեղի ունեցած այս թատերական երեկոյին ներկայ գտնուեցան աւելի քան 150 հոգի, որոնք գինիի ու թեթեւ ընթրիքի սեղաններու շուրջ բոլորուած ըմբոշխնեցին տօնական մթնոլորտը:
«Դիմակ» թատերախումբի ամանորեան այս ձեռնարկները լաւագոյն առիթ են ուրախ եւ զուարթ մթնոլորտի մը մէջ բոլորելու Համազգայինի անդամներն ու բարեկամները, միեւնոյն ատեն պատեհութիւն ստեղծելով՝ թատերական նոր ձիրքերու յայտնաբերման:
Համազգայինի Կիպրոսի «Օշական» Մասնաճիւղի վարչութիւնը կը շնորհաւորէ թատերական յանձնախումբը, «Դիմակ» թատերախումբի բոլոր անդամներն ու բեմադրիչ Յարութ Թահմազեանը այս գեղեցիկ իրագործման համար: Վարձքը կատար բոլորի՛ն: