Եւրոպա

Համազգգայինի պարի միաւորի կազմակերպութեամբ, Շաբաթ, 28 Յունուար 2023-ի երեկոյեան, Գոքինիոյ «Զաւարեան» կեդրոնի «Վահան եւ Տիրուհի Տէր Յովսէփեան» մարզադաշտը ժամադրավայրը եղաւ աւելի քան 350 հայրենակիցներու, որոնք փութացած էին ըմբոշխնելու հայ երգի ու պարի շարք մը, մասնակցութեամբ Համազգայինի երեք պարախումբերուն եւ հայ երգիչներու։ Ելոյթի նպատակն էր ապահովել անհըրաժեշտ գումարը՝ վերանորոգելու համար պարախումբի բոլոր տարազներիը, որոնք պիտի գործածուին Մայիսի ելոյթին։