
Հովանաւորութեամբ Բերիոյ Հայոց Թեմի հայրապետական նուիրակ Գերշ. Տ. Մակար Ս. Եպս. Աշգարեանի, կազմակերպութեամբ Համազգայինի Նիկոլ Աղբալեան մասնաճիւղի Երաժշտական Յանձնախումբին, Շաբաթ, 26 եւ Կիրակի, 27 Նոյեմբեր 2022-ի երեկոյեան ժամը 8։00-ին, Հալէպի ամենայայտնի սրահներէն՝ արուեստագէտներու արհմիութեան սրահին մէջ տեղի ունեցաւ էսդրատային երեկոն, գեղարուեստական ղեկավարութեամբ բժիշկ Ռաֆֆի Ապէճեանի։
Երկու օրերուն նոյն յայտագիրը ընդգրկող ելոյթներուն սրահը ողողուեցաւ հայ եւ օտար երաժշտասէրներու բազմութեամբ: Հանդիսականները մեծ հաճոյքով եւ հիացմունքով վայելեցին իրենց հրամցուած երաժշտութիւնն ու երգերը։
Հանդիսութեան ներկայ էին Բերիոյ Հայոց Թեմի Հայրապետական Նուիրակ Գերշ. Տ. Մակար Ս. Եպս. Աշգարեան, Սուրիոյ խորհրդարանի անդամ Ժիրայր Րէիսեան, Պատկան Մարմինի անդամներ, մարզական, կրթական, բարեսիրական միութիւններու ներկայացուցիչներ եւ երաժշտասէրներու հոծ բազմութիւն։
Հանդիսավարներն էին Քրիստ Փայասեան եւ Մարմանդ Գեւոյեան։
Ներկաները, քայլերգներէն ետք 1 վայրկեան յոտնկայս լռութեամբ յարգեցին նահատաներուն յիշատակը: Ապա արաբերէն բացման խօսքով հանդէս եկաւ Քրիստ Փայասեան, որ ողջունելէ ետք ներկաները ակնարկեց երաժշտութեան կարեւորութեան եւ անդրադարձաւ ելոյթին նպատակին: «Երաժշտութիւնը կը միաւորէ ազգերը: Ան սնունդ է, որ կը բիւրեղացնէ մարդուն հոգին ու սիրտը: Երաժշտութեամբ մշակոյթ մը կը զարգանայ ու կը յառաջանայ, ուստի Սուրիոյ յաղթանակի տօնական այս ամիսներուն ձօնուած այս ելոյթը կը նուիրենք Սուրիոյ վսեմաշուք նախագահ տոքթ. Պաշշար ալ-Ասատին եւ Սուրիոյ յաղթական բանակին», ըսաւ ան։