Շաբաթ, 4 Մայիս 2019-ի երեկոյեան, Թեսաղոնիկէի «Ս. Աստուածածին» եկեղեցւոյ կից գտնուող «Հայաստան» սրահէն ներս գումարուեցաւ «Համազգային» հայ կրթական եւ մշակութային միութեան Թեսաղոնիկէի «Ղ. Սարեան» մասնաճիւղի վարչութեան անդամական ընդհ. ժողովը, ուր ներկայացուեցան վարչութեան նախորդ երկու տարուան նիւթաբարոյական տեղեկագիրն ու միութեան յառաջիկայ ծրագիրներն ու գործունէութիւնները։
Բացման խօսքով հանդէս եկաւ վարչութեան ատենապետուհի՝ Տիրուհի Ղալիլէա-Գալֆայեան, որ բարի գալուստ մաղթեց բոլորին եւ իր խորին շնորհակալութիւնը յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք յաջողցուցին այսօրուան անդամական ընդհ. ժողովի աշխատանքները։ Ապա կատարուեցաւ դիւանի ընտրութիւն, որպէս նախագահ ունենալով Յովիկ Գասապեան եւ որպէս քարտուղար՝ Գոռ Վիրաբեան։