
Կազմակերպութեամբ Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահին եւ հովանաւորութեամբ տէր եւ տիկին Ալեն Պալեանի Հինգշաբթի, 18 Մարտ 2010-ին, երեկոյեան ժամը 6:30-ին, տեղի ունեցաւ Համազգայինի «Թորոս Ռոսլին» կերպարուեստի դպրոցի ուսուցիչներու հաւաքական ցուցահանդէսը` ներկայութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ եպս. Խաչերեանի, Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Անդրանիկ Մսըրլեանի, պատկան մարմիններու ներկայացուցիչներուն, համազգայնականներու, արուեստագէտներու եւ արուեստասէրներու:
Ցուցահանդէսին մասնակից ուսուցիչներն են` Ժանեթ Յակոբեան-Եափուճեան, Միրէյ Կոկիկեան-Տապաղեան, Ռիթա Մասոյեան-Ետալեան, Տարիա Հատէշեան եւ Կարինէ Եփրեմեան:
Հանդիսութեան բացման խօսքը արտասանեց Համազգայինի «Թորոս Ռոսլին» կերպարուեստի դպրոցի գեղարուեստական պատասխանատու Ժանեթ Յակոբեան-Եափուճեան, որ նշեց, թէ դպրոցին մէջ աշակերտները կը հետեւին կրթական յստակ ծրագիրի, որպէսզի պատրաստ ըլլան մուտք գործելու արուեստի հսկայական աշխարհին մէջ: Յակոբեան-Եափուճեան յայտնեց, որ երբ ցուցադրուած գեղանկարներով այցելուները կը զարդարեն իրենց բնակարանները, միեւնոյն ժամանակ անոնք նաեւ օժանդակած կ°ըլլան կերպարուեստի դպրոցին: Ժանեթ Յակոբեան-Եափուճեան շնորհակալութիւն յայտնեց ցուցահանդէսի հովանաւոր տէր եւ տիկին Ալեն Պալեանին, «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահին, կազմակերպիչներուն եւ բոլոր անոնց, որոնք թիկունք կը կանգնին Համազգայինի մեծ ընտանիքին:
Ապա խօսք առաւ գեղանկարիչ եւ «Թորոս Ռոսլին» կերպարուեստի դպրոցի նախկին ուսուցիչ Յարութիւն Թորոսեան: Ան ըսաւ, թէ գեղանկարիչ մը պէտք է լաւապէս տիրապետէ գեղանկարչութեան թեքնիքներուն, ուսումնասիրէ դասական վարպետներուն գործերը եւ բնութեան երեւոյթները, ունենայ իր ինքնուրոյն տեսողութիւնը, աշխատի հետեւողականութեամբ եւ պեղէ մարդ անհատին զգացական աշխարհը: Թորոսեան այս հաստատումներով շեշտեց, թէ այս հաւաքական ցուցահանդէսը լաւագոյն շարժառիթն է տեսնելու գեղանկարիչներուն նուրբ ու զգացական աշխարհը:
Ցուցահանդէսին ներկայացուած են Ժանեթ Յակոբեան-Եափուճեանի, Միրէյ Կոկիկեան-Տապաղեանի, Ռիթա Մասոյեան-Ետալեանի, Տարիա Հատէշեանի եւ Կարինէ Եփրեմեանի 47 գեղանկարները, որոնցմէ իւրաքանչիւրը ունի իր իւրայատուկ ոճն ու թեման:
Նշենք, որ «Թորոս Ռոսլին» կերպարուեստի դպրոցի ուսուցիչներու հաւաքական ցուցահանդէսը բաց կը մնայ երկուշաբթիէն ուրբաթ օրերը, առաւօտեան ժամը 10:00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 8:00, մինչեւ 28 Մարտ 2010: