
Կազմակերպութեամբ Համազգայինի «Թ. Ռոսլին» կերպարուեստի դպրոցին, Ուրբաթ, 12 Յունիս 2015-ին, երեկոյեան ժամը 6:00-ին, «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Արա եւ Հուրի Պապիկեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Թ. Ռոսլին»-ի «Լ. Շանթ» եւ «Ժ. եւ Ց. Խաչատուրեան» մշակութային կեդրոններու աշակերտներու ամավերջի հանդէսն ու աշակերտական ցուցահանդէսը` ներկայութեամբ արուեստագէտներու, միութենական ներկայացուցիչներու, ծնողներու եւ աշակերտներու:
Յատկանշական էր, որ այս տարի շատ հարուստ էր աշակերտներուն «բերքը» եւ բաւական տպաւորիչ: Ցուցադրուած էին աւելի քան 115 աշակերտներու գործեր. աւելի մեծ աշակերտները` իրենց ուսուցիչներուն թելադրութեամբ, յատկապէս Գէորգ Ուլաշեանի առաջնորդութեամբ, իրենց գործերը նուիրած էին Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին:
Ցուցահանդէսին բարի գալուստի խօսքը արտասանեց Համազգայինի Գեղարուեստի դպրոցներու տնօրէն Կարպիս Գապասագալեան, որ տնօրէնութեան եւ խնամակալութեան անունով արժեւորեց տարուած աշխատանքը, որուն արտացոլացումը կը հանդիսանան հանրութեան ներկայացուած աշակերտական գործերը: Ան դիտել տուաւ, որ Հայոց ցեղասպանութենէն 100 տարի ետք աշխարհով մէկ հայութեան տարած բազմաբնոյթ գործունէութիւնը, տիրական ներկայութիւնը, ինչպէս նաեւ արուեստի բնագաւառին մէջ արձանագրած յաջողութիւնները խօսուն պատգամ են, թէ հայ ժողովուրդը պայքարիլ եւ վերապրիլ գիտցող ազգ է: Այս ծիրին մէջ ան դրուատեց աշակերտներուն հետեւողականութիւնը եւ շեշտը դրաւ հայկական միջավայրի մէջ, ազգային շունչով հասակ նետելու իրականութեան կարեւորութեան: