
Հովանաւորութեամբ Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տէր Շահան Սրբ. Արք. Սարգիսեանի, կազմակերպութեամբ Համազգայինի Լաթաքիոյ «Վահան Նաւասարդեան» Մասնաճիւղի Վարչութեան, «Գեղարդ» պարախումբը աւելի քան 500 հայ եւ արաբ հանդիսատեսներուն հրամցուց հայկական պարարուեստէն ծաղկաքաղ մը, մերթ ընդ մերթ այլ ազգերու պարեր եւս ներկայացնելով:
Պարախումբի գեղարուեստական ղեկավար, պարուսոյց Սուրէն Քիրազեան 4-ամսեայ հետեւողական փորձերով փոքրերէ, պարմանուհիներէ եւ երիտասարդներէ կազմուած «Գեղարդ» պարախումբը նախապատրաստած էր անդրանիկ ելոյթին՝ յայտնաբերելով իւրաքանչիւր պարողի իւրայատկութիւնն ու տաղանդը:
Պարախումբը հանդէս եկաւ Լաթաքիոյ «Ալ Ասատ» մշակութային սրահէն ներս, ներկայութեամբ Լաթաքիոյ հոգեւոր հովիւ Տէր Վազգէն Քհնյ. Քէօշկէրեանի, Լաթաքիոյ Սրբոց Նահատակաց եկեղեցւոյ Թաղականութեան, միութիւններու ներկայացուցիչներու, պետական պատասխանատուներու, սկաուտական պատասխանատուներու, վաշտերու եւ հարիւրաւոր հանդիսատեսներու:
Բացման հայերէն խօսքով Վարդուհի Կարապետեան-Թուլումճեան նախ ներկաները հրաւիրեց մէկ վայրկեան յոտնկայս յարգելու Սուրիոյ, Հայաստանի եւ Արցախի նահատակներուն յիշատակը:
Այնուհետեւ ան անդրադարձաւ ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին 2019-ն «Հայ Մամուլի Տարի» հռչակելու ոգեւորիչ նախաձեռնութեան, ապա լուսարձակի տակ առնելով երիտասարդները հայ մշակոյթի շունչով ու ոգիով ներշնչելու Համազգայինի առաքելութիւնը, ան յայտնեց որ ծնողները իրենց զաւակները դէպի հայ մշակոյթ ուղղելու կարեւոր պարտականութիւնը ունին, որպէսզի զանոնք մշտապէս աղերսուած պահեն հայկական կեանքին: Թուլումճեան ներկայացուց պարախումբը, անոր գեղարուեստական ղեկավարը, ապա շնորհակալութիւն յայտնեց երկրիս նախագահին, Դամասկոսի Մշակոյթի Տնօրէնութեան, Համազգայինի Սուրիոյ Շրջ.Վարչութեան, «Գեղարդ» պարախումբի անդամներուն եւ ծնողներուն, որոնք իրենց զաւակները վստահեցան Համազգայինին: