
Ուրբաթ, 17 Մարտ 2023-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ տեղի ունեցաւ Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան 95-ամեակի յոբելենական հանդիսութիւնը` ներկայութեամբ յարանուանութիւններու եւ կուսակցութիւններու, երիտասարդական եւ ուսանողական միութիւններու ներկայացուցիչներու, կրթական եւ բարեսիրական հաստատութիւններու տնօրէններու, երեսփոխաններու, քաղաքապետերու, նախկին նախարարի, արուեստագէտներու եւ մտաւորականներու, համազգայնականներու եւ հոծ բազմութեան մը:
Լիբանանի, Հայաստանի եւ Արցախի քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք հանդիսութեան բացման խօսքը արտասանեց Համազգայինի Շրջանային վարչութեան անդամ Շաղիկ Յովսէփեան Յարութիւնեան: Ան նկատել տուաւ, որ Համազգայինի օրը նշել կը նշանակէ իմաստաւորել անոր բեղուն գործունէութեան երթն ու կարեւորութիւնը, յարգել հիմնադիրները, կրթական ու մշակութային բոլոր մշակներն ու նուիրեալները, նաեւ ունենալ նոր տեսլականներ ու առաքելութիւններ, նպատակներ ու առաջադրանքներ: