
Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահը իր երկու յարկերով, տարբեր մթնոլորտով եւ հայրենի արուեստի իւրայատուկ ոճով հարուստ էր Ուրբաթ, 17 Յուլիս 2015-ի երեկոյեան ժամը 6:00-ին, երբ տեղի ունեցաւ բացումը արուեստագէտ Աշոտ Աւագեանի ցուցահանդէսին` հովանաւորութեամբ տէր եւ տիկին Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեաններու, ներկայութեամբ Միացեալ Նահանգներէն, Գանատայէն, Եւրոպայէն եւ այլ երկիրներէ համազգայնականներու եւ Համազգայինի բարերարներու, ինչպէս նաեւ Համազգայինի բարեկամներու, արուեստասէրներու եւ արուեստագէտներու հոծ բազմութեան մը:
Ձեռնարկին բացման խօսքը արտասանեց Սիւզի Տէրտէրեան: Ան հակիրճ կերպով ներկայացուց արուեստագէտը, որ խառնուելով ու նոյնանալով հայրենի հողին ու բնութեան, իր պաստառներով հարազատօրէն կը փոխանցէ Հայաստանի ժայռերուն ու բնութեան կախարդանքը: Տէրտէրեան անդրադարձաւ այս ցուցահանդէսին իւրայատկութեան, այն իմաստով, որ անիկա կը վայելէ համազգայնական զոյգի մը` Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեաններու հովանաւորութիւնը, ինչպէս նաեւ տարբեր գաղութներէ եկած համազգայնականներ ու Համազգայինի բարեկամներ իրենց ներկայութեամբ կ՛իմաստաւորեն Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահին համահայկական դերակատարութիւնը: