
12 Նոյեմբեր, երեկոյեան ժամը 6:30-ին, տեղի պիտի ունենայ Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահի բացման հանդիսութիւնը եւ այս առիթով՝ իբրեւ անդրանիկ նախաձեռնութիւն, կազմակերպուած է լիբանանահայ վաստակաւոր ու տաղանադաւոր արուեստագէտ Կիւվտերի գործերուն ցուցահանդէսը:
Ցուցասրահը կը հաստատուի Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատան, գրատարածման կեդրոնի ու գրախանութի կողքին եւ իբրեւ մշակոյթի կարեւոր կառոյց կու գայ իր արժանավայել դերակատարութիւնը ստանձնելու Համազգայինի բազմաճիւղ ու բազմագաւառ գործունէութեան մէջ:
Այս առիթով «Ազդակ» հարցազրոյց մը ունեցաւ Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատան եւ գրատարածի տնօրէն Յակոբ Հաւաթեանի հետ: Ան յայտնեց, որ այս ծրագիրը ներկայացուած է Համազգայինի պատգամաւորական ժողովին եւ անմիջապէս այս գծով ծրագիր մշակուած է՝ համապատասխան հանգրուաններով: Ան աւելցուց, որ նման ծրագիր մը իրականացնելու գաղափարը ծնունդ առաւ մշակութային կարեւոր եւ ժամանակակից անհրաժեշտութիւններէ ու առաջադրանքներէ:
Անդրադառնալով ցուցասրահի հիմնական նպատակներուն՝ Հաւաթեան յայտնեց, որ այս ցուցասրահի բացումը եւ գործունէութիւնը կþառաջադրէ լիբանանահայ գաղութի մշակութային կեանքին մէջ բերել նոր որակ եւ մթնոլորտ, մեր մշակութասէր հասարակութեան ծանօթացնել հայրենի ու սփիւռքահայ գեղանկարիչները, նկարիչները, քանդակագործները եւ այլ մարզերու մէջ իրենց արժանաւոր դիրքերը նուաճած արուեստագէտները, բացուիլ տեղական միջավայրին եւ մեր մշակութային հարուստ ժառանգութեան ու աւանդին իրազեկ դարձնել նաեւ լիբանանցի ժողովուրդը, քաջալերել արուեստի այս մարզի նոր ու խոստմնալից մարդուժը, ինչպէս նաեւ կազմակերպել տարբեր ազգերու պատկանող մեծ արուեստագէտներու գործերու ցուցահանդէսներ: Այս բոլորի կողքին ցուցասրահը պիտի դառնայ նաեւ գրական ու մշակութային հանդիպումներու եւ զրոյցներու կեդրոն՝ գիրքերու ներկայացումներով եւ այլ նախաձեռնութիւններով:
Անդրադառնալով ծրագիրի գործնականացման հանգրուաններուն՝ Յ. Հաւաթեան յայտնեց, որ այս նպատակով Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան կողմէ յառաջացաւ յանձնախումբ մը, որ մշակեց ընդհանուր ծրագիրը եւ մօտէն հետեւեցաւ գործադրութեան հանգրուաններուն: Ծրագիրը ներկայացուեցաւ տէր եւ տիկին Կարպիս եւ Լիւսի Թիւթիւնճեաններուն, որոնք մեծ ուրախութեամբ ստանձնեցին հովանաւորութիւնը եւ ցուցասրահի շինութեան բարերարութիւնը: Այս առիթով Յակոբ Հաւաթեան Համազգայինի ընտանիքին երախտագիտական ջերմ զգացումները փոխանցեց Թիւթիւնճեան ընտանիքի անդամներուն, որոնց ներդրումը մեծ է լիբանանահայ մշակոյթի զարգացման ու հայ գիրի եւ գրականութեան պահպանման կարեւոր առաքելութեան մէջ: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց նաեւ ցուցասրահի քարտէսի, ձեւաւորումի պատրաստութիւնը եւ աշխատանքներու հսկողութիւնը սիրայօժար կերպով ստանձնած Լօլա Պէօյիւքեանին, ինչպէս նաեւ տէր եւ տիկին Ալեքօ Պեզիկեանին, «Սըրսոք» թանգարանի արուեստի տնօրէն Սիլվիա Աճեմեանին եւ բոլոր անոնց, որոնց աջակցութեան եւ քաջալերանքին շնորհիւ կարելի եղաւ իրագործել այս ծրագիրը: Վերջապէս, Հաւաթեան յայտնեց, որ Համազգայինի համար պատիւ է ցուցասրահի բացումը կատարել Կիւվտերի գործերու ցուցադրութեամբ:
Կիւվտեր ծնած է 1922ին, 1948-56 եղած է կերպարուեստի ուսանող Փարիզի գեղարուեստից ակադեմիայի, ապա մինչեւ 1960 դասաւանդած է Պէյրութի իտալական մշակոյթի դպրոցին մէջ: Արժանացած է միջազգային տարբեր մրցանակներու: 1965-ին հիմնած է Կիւվտեր արուետից դպրոցը՝ Պէյրութի մէջ: Ամերիկեան համալսարանին մէջ դասաւանդած է քանդակագործութիւն: Ներկայիս ան կը դասաւանդէ ստեղծագործական նկարչութիւն՝ Լիբանանի գեղարուեստից ակադեմիային մէջ, ԱԼՊԱ: Բազմաթիւ ցուցահանդէսներու հեղինակ Կիւվտեր բազմարժէք արուեստագէտ մըն է, որ ջրաներկին կից կը կիրարկէ նաեւ քանդակն ու իւղաներկը:
Ցուցահանդէսը պիտի երկարի մինչեւ 27 նոյեմբեր: