
Մէկ շաբթուան ընթացքին, Հայաստանէն հրաւիրուած Ուքիփետիայի արեւմտահայերէնի բաժինի պատասխանատու Ազնիւ Ստեփանեան ծանօթացուց ծրագիրը եւ լուսաբանեց անոր հետ առնչուող բոլոր հարցերը:
Արեւմտահայերէնով համացանցը հարստացնելն է այս ծրագիրին հիմնական նպատակը, որմէ պիտի օգտուին աշխարհասփիւռ հայերը: Ազատութիւն տրուած է նիւթի ընտրութեան, բայց եւ այնպէս պէտք է տարբեր աղբիւրներու նշումով հաստատել գրութեան ճշգրտութիւնը:
Ուիքիփետիայի նիւթերու խմբագրման ծրագիրին մասնակցեցան տարբեր տարիքի մարդիկ, որոնք փորձեցին լաւապէս հասկնալ հրամցուած գիտելիքները: Հնարաւորութիւն տրուեցաւ նաեւ Հ.Կ.Խաչի «Ա. եւ Ժ. Ճէնազեան» միջնակարգի եւ Գոքինիոյ «Զաւարեան» ազգային վարժարաններու աշակերտներուն մասնակցութեան, որոնք ծանօթացան Ուիքիդարան ծրագիրին: