
Համազգայինի «Կարկաչ» երգչախումբի պատանեկան բաժնի եւ «Այգ» երիտասարդական երգչախումբի 2009-2010 տարեշրջանի վերամուտները եղան նշանակալից: Արդարեւ, Ուրբաթ, 2 Հոկտեմբեր 2009ին, երգչախումբերուն անդրանիկ փորձերուն ներկայ գտնուեցաւ արժանթինահայ գաղութի ականաւոր դէմքերէն՝ խմբավար եւ երգահան Ժան Ալմուխեան, որ այդ օրերուն կþայցելէր Լիբանան: Հիւրին կþընկերանար պատմաբան Երուանդ Փամպուքեան:
«Կարկաչ»ի եւ ապա՝ «Այգ»ի փորձերուն, խմբավար Զաքար Քէշիշեան ներկայացուց օրուան հիւրը, որ հիմնադիրն է Արժանթինի 50ամեայ «Արաքս» երգչախումբին, ապա հակիրճ ձեւով պատմականը ըրաւ 12ամեայ «Կարկաչ» երգչախումբին եւ նորակազմ «Այգ»ին, որոնք ի մօտոյ կը պատրաստուին համերգային պտոյտ մը կատարել դէպի Կիպրոս:
Ժան Ալմուխեան, իր կարգին յայտնեց իր ուրախութիւնը եւ խօսեցաւ երգի եւ ընդհանրապէս մշակոյթի կարեւորութեան մասին, եւ թելադրեց անոնց միշտ ըլլալ երգի եւ մասնաւորաբար հա°յ երգի պահապանները:
Ի տես այս խանդավառութեան, ան սրտաբուխ նուիրատուութիւն մը կատարեց երգչախումբերուն:
Շնորհակալութիւն եւ վարձքդ կատա°ր սիրելի բարեկամ «Կարկաչ»ի:
«ԿԱՐԿԱՉ» եւ «ԱՅԳ» ԵՐԳՉԱԽՈՒՄԲԵՐՈՒ
ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ