
Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան նախաձեռնութեամբ եւ Պէյրութի ամերիկեան համալսարանին հետ գործակցաբար, Կիրակի, 19 Ապրիլ 2015-ին, երեկոյեան ժամը 6:00-ին, Պէյրութի ամերիկեան համալսարանի «Էսեմպլի հոլ»-ին մէջ տեղի ունեցաւ Համազգայինի «Կարկաչ» մանկական ու պատանեկան երգչախումբի համերգը` գեղարուեստական ղեկավարութեամբ եւ խմբավարութեամբ մայեսթրօ Զաքար Քէշիշեանի եւ դաշնակի ընկերակցութեամբ Արեգ Տաղլեանի` նուիրուած Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին:
Գեղարուեստական ղեկավար եւ խմբավար մայեսթրօ Զաքար Քէշիշեան սոյն իւրայատուկ առիթով ուղղեց իր սիրտին խօսքը: Քէշիշեան ներկաները ողջունելէ ետք, խնդրեց անոնցմէ մէկ վայրկեան յոտնկայս յարգել Հայոց ցեղասպանութեան նահատակներուն յիշատակը: «Այսօրուան մեր համերգը պիտի մատուցենք իբրեւ խունկ ու մոմ Հայոց ցեղասպանութեան ընթացքին զոհուած նահատակներուն յիշատակին», շեշտեց ան: Քէշիշեան փոխանցեց իր ուսուցման ընթացքին ունեցած զարմանքն ու զայրոյթը` նկատելով, որ տասնեակ մը լիբանանահայ վարժարաններու աշակերտներէ կազմուած յիսնեակ մը սաներէն մէկ քանին միայն ծանօթ էին կոմիտասեան երգերուն, սակայն ան նաեւ հաստատեց, որ իր ուրախութիւնը մեծ եղաւ երբ անցեալ չորեքշաբթի, աւելի քան 1700 աշակերտներ գիտակից ձեւով լսեցին կոմիտասեան անմահ ստեղծագործութիւնները:
Ապա մայեսթրոն բեմ հրաւիրեց Համազգայինին «Կարկաչ» պատանեկան երգչախումբը` ներկայացնելու համար Մեծ եղեռնի խորհրդանիշերէն` Կոմիտասէն, երգերու երկու շարքեր: