Կեդրոնական Վարչութիւն

Երկուշաբթի, 24 Յունիս 2019-ին, Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութիւնը այցելեց Ն. Ս. Օ. Տ. Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին:
Այցելութեան ընթացքին Կեդրոնական Վարչութեան անդամները Վեհափառ Հայրապետին ներկայացուցին Համազգայինի գործունէութիւնը եւ ապագայի ծրագիրները։ Տեղի ունեցաւ նաեւ ընդհանուր խօսակցութիւն ազգային առօրեայ հարցերու մասին։