
Պօղոս Սնապեան ծնած է 11 Օգոստոս 1927-ին, Մուսա Լերան Պիթիաս գիւղը:
Նախակրթութիւնը կը ստանայ ծննդավայրի եւ Այնճարի «Յառաջ» վարժարանին մէջ:
1944-ին կ՛ընդունուի Երուսաղէմի ժառանգաւորաց վարժարանը եւ կ՛աւարտէ զայն 1949-ին:
1950-էն սկսեալ իբրեւ ուսուցիչ կը պաշտօնավարէ ազգային վարժարաններուն մէջ, որուն առընթեր գրական եւ քննադատական իր գործերը լոյս կը տեսնեն «Նայիրի» եւ «Ակօս» հանդէսներուն մէջ: Աշխատակցած է նաեւ սփիւռքահայ շարք մը թերթերու՝ պատմուածքներով, տպաւորապաշտ էջերով եւ քննադատական եւ հրապարակագրական յօդուածներով:
1962 Յունուարին, Կարօ Սասունիի խմբագրապետութեամբ, երբ լոյս կը տեսնէ Հ.Յ. Դաշնակցութեան նախաձեռնութիւնը հանդիսացող գրականութեան եւ արուեստի «Բագին» ամսագիրը, Եդուարդ Պօյաճեանի հետ կը կոչուի խմբագիրի պատասխանատու պաշտօնին:
1962-ին կը մեկնի Փարիզ եւ Սորպոնի եւ Ալիանս Ֆրանսէզի մէջ երկու տարի, իբրեւ ազատ ունկնդիր կը հետեւի գրական եւ իմաստասիրական դասընթացքներու: Վերադարձին շարունակելով «Բագին»ի մէջ վստահուած աշխատանքները,միաժամանակ կը դասաւանդէ հայ գրականութիւն, Այնճարի եւ Պէյրութի ազգային երկրորդական վարժարաններու աւարտական դասարաններուն մէջ:
1966-1973-ին մաս կը կազմէ «Ազդակ» օրաթերթի խմբագրութեան, իբրեւ ազգային եւ գրական- մշակութային էջերու պատասխանատու խմբագիր:
Եղած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան մէջ հաստատուած (1966), «Գէորգ Մելիտինեցի» գրական դատակազմի անդամ եւ խմբագրած է աւելի քան 50 գրական հատոր:
1983-1989-ին կ՛աւանդէ հայ գրականութիւն՝ «Համազգային»ի Հայագիտական Բարձրագոյն Հիմնարկի բոլոր դասարաններուն: