
10 Սեպտեմբեր 2018-ին Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարար Մխիթար Հայրապետեան ընդունեց Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան անդամները:
Ողջունելով հիւրերը` սփիւռքի նախարար Մխիթար Հայրապետեան կարեւոր նկատեց 90-ամեայ կազմակերպութեան ներդրումը հայակերտման ու հայրենիք-սփիւռք կապերու ամրապնդման մէջ: Ան յատկապէս նշեց. «Ուժեղ Հայաստանի շահերէն կը բխի ունենալ ուժեղ սփիւռք, ուժեղ սփիւռքի շահերէն կը բխի ունենալ ուժեղ Հայաստան: Պէտք է լծուինք նաեւ սփիւռքի խնդիրներու լուծման: Պետութեան եւ աշխարհասփիւռ հայութեան շահերէն կը բխի խորքային աշխատանք տանիլ կրթական հարցերու լուծման ուղղութեամբ: Կրթութիւնը, մշակոյթը կարեւոր արժէքներ են հայակերտման համար: Մարտահրաւէրներու հարցով յստակ են կատարուելիքները: Սփիւռքը պէտք է զգայ, որ իր թիկունքին կայ հզօր պետութիւն»:
Հանդիպման ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ արեւմտահայերէնի, հայկական դպրոցներու, անոնց մրցունակութեան խնդիրներուն:
Համազգային Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Մկրտիչ Մկրտիչեան շնորհակալութիւն յայտնեց արդիւնաւէտ հանդիպման համար, ներկայացուց կառոյցի գործունէութեան ուղղուածութիւնը, նպատակները եւ յառաջիկայ աշխատանքները` վստահեցնելով, որ համագործակցութիւնը պիտի շարունակուի նոր ոգեւորութեամբ եւ գործնական քայլերով: