
5 Ապրիլ 2008ին, Սիփան Պարախումբի տղաքն ու աղջիկները ներկայացուցին հաւանաբար ցարդ իրենց լաւագոյն ելոյթը: Պարախումբին ելոյթը կը զուգադիպէր Համազգայինի հիմնադրութեան 80ամեակին եւ կը վերահաստատէր պարախումբին վճռակամութիւնը՝ Կիպրոսի մէջ իբրեւ հայեր գոյատեւելու:
Հաւաքականութեան մը մէջ, որ լի է ապրելակերպի այլընտրանքային ձեւերով, ազգային արժէքներուն եւ աւանդութիւններուն կառչած մնալը դիւրին աշխատանք չէ:
Աւելի քան տասը տարիներու վրայ երկարող իր ճիգերով, Համազգայինի պարախումբը, ղեկավարութեամբ պարուսոյց Ժաննա Թահմիզեանի, իրագործած է անկարելին՝ գեղարուեստական արտայայտութիւնը 3000 հոգի հաշուող համայնքի մը, որուն պարախումբին անդամները չունին պարային կամ երաժշտական արհեստավարժ մասնագիտութիւն:
Հաւանաբար վերոնշեալը այս ճիգին կարեւորագոյն ազդակն է. «ոչ արհեստավարժները» կը մատուցեն արհեստավարժ ելոյթ մը:
ԱՊՐԻ°Ն պարողները, յանձնախումբի բոլոր անդամները, բարեկամներն ու հովանաւորները, որոնք իրականութիւն դարձուցին այս ելոյթը:
Պարախումբին ելոյթը տեղի ունեցաւ Սթրովոլոս Քաղաքապետարանի Թատերասրահին մէջ՝ հովանաւորութեամբ նախագահ Քրիսթոֆիասի:
Հանդիսատեսը ջերմութեամբ ողջունեց խորհրդարանի անդամ Մարիոս Կարոյեանը:
Համազգայինի Կիպրոսի Օշական մասնաճիւղի հիմնադիր անդամ եւ երկար տարիներու նախագահ Ընկեր Արթօ Դաւիթեան իր ծառայութեան համար շքանշանով մեծարուեցաւ Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութեան անդամ Ընկեր Մկրտիչ Մկտրիչեանի կողմէ:
Ելոյթին աւարտին, սիրուած երգիչ Հրաչ Կայծակեան միացաւ յայտագիրին:
Ելոյթի ընթացքին, Մանկական Եւրատեսիլի Կիպրոսի ներկայացուցիչ Եորկոս Իոնիտէս առաջին անգամ ըլլալով երգեց հայ հանդիսատեսին համար: