
Համազգայինի Կիպրոսի «Օշական» Մասնաճիւղի 20-րդ տարեկան ընդհանուր ժողովը տեղի ունեցաւ Չորեքշաբթի, 3 Յուլիս 2019-ին ՀՄԸՄ-ՀԵՄ-ի ակումբին մէջ, Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութեան անդամ Լորիկ Ծատուրեանի մասնակցութեամբ:
Քննելէ ետք նախորդ տարուան գործունէութիւնը, ընդհանուր ժողովը գտաւ որ շրջանաւարտ Վարչութիւնը գնահատելի ու արդիւնաւոր աշխատանք տարած է մասնաճիւղի գործունէութեան բոլոր ոլորտներուն մէջ, յատկապէս «Սիփան» եւ «Անի» Պարախումբերու, «Դիմակ» եւ պատանեկան «Հեքիաթ» թատեևրախումբերու, Մշակութային Երեկոներու եւ Պաֆոսի, Լիմասոլի ու Լառնաքայի համայնքներուն մէջ աշխատանք տանելու կապակցութեամբ եւ այս գործունէութիւնը աւելի ընդլայնելու եւ դէպի երիտասարդութիւնը բացուելու առաջադրանքով առաւ համապատասխան որոշումներ:
Ժողովի վերջաւորութեան միաձայնութեամբ ընտրուեցաւ վարչութիւն, բաղկացած հետեւեալ ընկերներէն. Արթօ Դաւիթեան (Ատենապետ), Յարութ Թահմազեան (Քարտուղար), Կարօ Քոչունեան (Գանձապահ), Հրայր Ղազարեան եւ Սեւան Տէր Պետրոսեան:
4 Յուլիս, 2019