
Համազգայինի Հալէպի Հայագիտական Հիմնարկը հիմնուած է քանի մը նպատակներով, նախ առիթ ընծայելու հայագիտական նիւթերու նկատմամբ հետաքրքրութիւն ունեցող ուսանողներուն՝ իրենց ուսումը շարունակելու, ապա պատրաստելու գաղութի ուսումնական հաստատութիւններուն ծառայող հայերէնաւանդ ուսուցիչներ, ինչպէս նաեւ ատակ մարդուժ, որ գիտելիքներով օժտուած, արեւմտահայերէնին տիրապետած ըլլալով ներդրում պիտի բերէ գաղութիս միութիւններուն եւ ազգային-հասարակական կեանքին ընդհանրապէս։
Հիմնարկը շարունակեց իր առաքելութիւնը 24 տարի շարունակ, ո՛չ պատերազմը, ո՛չ տնտեսական դժուարութիւնները, ոչ ալ դասախօսներու նկատառելի համեմատութեան արտագաղթը կասեցուցին անոր երթը: Նման հիմնարկի մը պահպանումը էական էր լեզու եւ մշակոյթ պահպանելու համար, որքան որ էական են օդն ու ջուրը իր կեանքի բնականոն եւ առողջ ընթացքը պահելու համար նկրտող իւրաքանչիւր արարածի համար:
Հիմնարկը ունեցաւ դժուարութիւններ, հեզասահ չընթացաւ իր երթը, բայց անխափան մնաց, եւ դասախօսներն ու ուսանողները, տնօրէնութեան եւ վարչական կազմերուն հետ ձեռք-ձեռքի շարունակեցին կենսունակ պահել զայն: Համազգայինի Սուրիոյ Շրջ. Վարչութիւնն ալ ամէն միջոցի դիմեց անհրաժեշտ կարիքները ապահովելու այս հիմնարկին, յատկապէս ներկայ դժուարին պայմաններուն մէջ:
Արդարեւ, Հիմնարկի 2019-2020 ուսումնական տարեշրջանի եզրափակիչ հաւաքը տեղի ունեցաւ 13 Յունիս 2020-ին, «Լ.Շանթ» սրահէն ներս, ներկայութեամբ Հիմնարկի ողջ ընտանիքին՝ Համազգայինի Սուրիոյ Շրջանային Վարչութեան, Միաւորի Վարչութեան, Տնօրէնութեան, դասախօսներուն եւ ուսանողներուն: Հիմնարկի Միաւորի Վարչութեան ատենապետ Յովիկ Ղազարեան ողջունեց ներկաները: Ան անդրադարձաւ հիմնարկի առաքելութեան եւ նպատակաուղղուածութեան հալէպահայ գաղութէն ներս: