
Շաբաթ, 22 Յունուար 2022-ի առաւօտուն, Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մասիս Սրբ. Եպս. Զօպուեան հանդիպում ունեցաւ Համազգայինի Հայագիտական Հիմնարկի Վարչութեան, տնօրէնութեան, դասախօսական կազմին եւ երրորդ ու չորրորդ կարգերու ուսանողներուն հետ, Ազգ. Առաջնորդարանի դահլիճէն ներս:
Հանդիպումին ներկայ գտնուեցան նաեւ ազգային գործիչ, դասախօս Աւօ Գաթրճեան եւ Համազգայինի Սուրիոյ Շրջ. Վարչութեան ատենապետ Մարալ Տիքպիքեան:
Առաջնորդ Սրբազան Հայրը բարի գալուստ մաղթեց Համազգայինի Հայագիտական Հիմնարկի անձնակազմին եւ իր ուրախութիւնը յայտնեց այս հանդիպումին առիթով:
Համազգայինի Սուրիոյ Շրջ. Վարչութեան ատենապետ Մարալ Տիքպիքեան խօսք առնելով ներկայացուց Հայագիտական հիմնարկին առաքելութիւնը, յատկապէս հայ դպրոցները հայերէնաւանդ ուսուցիչներով օժտելու դերակատարութիւնը:
Հայագիտական Հիմնարկի տնօրէնուհի Սիլվա Ճապաղջուրեան ծանօթացուց հիմնարկի դասախօսական կազմը, ներկայացնելով իւրաքանչիւրին դասաւանդած նիւթը:
Սրբազան Հօր հրաւէրով, դասախօս դոկտ. Հուրի Ազէզեան Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին «Սփիւռքի Տարի» հռչակագիրէն բաժիններ ընթերցեց: