
Տասնհինգ տարիներ առաջ, Հալէպի Համազգային Մշակութային Միութեան գաղափարի յղացումով ծնունդ առաւ Հայագիտական Հիմնարկը, որ պիտի հանդիսանար հայ մտքի զարգացման ամենաբաբախուն երակը եւ հալէպահայ գաղութի զաւակներուն ազգային դաստիարակութիւն ջամբող անփոխարինելի կառոյցը:
Արդարեւ, Հիմնարկը օր ըստ օրէ կատարելագործուելով հալէպահայութեան պարգեւեց շրջանաւարտներ, որոնք իրենց ճիտին պարտքը համարեցին, մանաւա՛նդ, հայկական կրթօճախներէ ներս, հայրենասէր ու ազգային շունչով տոգորուած սերունդներ պատրաստելու նուիրական առաքելութիւնը:
Հալէպի Հայագիտական Հիմնարկը իր երրորդ հունձքը (ութ շրջանաւարտներ) պարգեւեց հալէպահայութեան: Շրջանաւարտներու վկայականաց բաշխման հանդիսութիւնը տեղի ունեցաւ Չորեքշաբթի, 15 Սեպտեմբեր 2010ի երեկոյեան ժամը 8:30ին, Ա.Մ.Ժ.Տան «Լեւոն Շանթե սրահէն ներս, նախագահութեամբ Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկի Հայկական Բաժնի տնօրէն Դոկտ. Զաւէն Եկաւեանի, եւ հովանաւորութեամբ Թեմիս Բարեջան Առաջնորդ Տ. Շահան Եպս. Սարգիսեանի: Ձեռնարկին ներկայ էին նաեւ Հայ Աւետ. Համայնքի Համայնքապետ Վեր. Յարութիւն Սելիմեան, Հ.Հ. Գլխաւոր Հիւպատոս Տիար Աշոտ Մելքոնեան, Պատկան Մարմնի ներկայացուցիչը, Ազգային Մարմիններու եւ Միութիւններու ներկայացուցիչներ եւ վերջապէս գաղութիս մշակութասէր ընտրանին:
Օրուան բեմավարը՝ Տիկին Ազնիւ Ստեփանեան-Արապաճեան, յայտագրի առաջին կէտով, հրաւիրեց Հայագիտական Հիմնարկի Տնօրէնուհի, միաժամանակ Միաւորի Վարչութեան Ատենապետուհի՝ ընկհ. Ֆիմի Տէր Յակոբեանը, որ հակիրճ կերպով ներկայացուց Հիմնարկի տասնհինգամեայ պատմականը, ապա շնորհաւորեց շրջանաւարտները իրենց նուաճած յաջողութեան համար:
Ձեռնարկը շարունակուեցաւ Հայագիտական Հիմնարկի ուսանողներէն Օրդ. Դալար Ղազէլեանի «Մարդ Կայ, Մարդ Էլ Կայե ասմունքով, քաղուած Պարոյր Սեւակի անմոռանալի գրիչէն:
Ապա ելոյթ ունեցան եօթը շրջանաւարտները (մէկը՝ բացակայ), իւրաքանչիւրը ներկայացնելով իր աւարտաճառի ամփոփումը: Ստորեւ կը ներկայացնենք շրջանաւարտները իրենց աւարտաճառի նիւթերով եւ ղեկավարներով.
-Սիւզի Խշուաճեան-Փիլաւճեան, նիւթ՝ «Սուրիահայ Տարեգիրքերըե, ղեկավար՝ Պրն. Միհրան Մինասեան:
-Լուսին Յովհաննէս-Թշապուրեան-Թէճիրեան՝ «Յարակատար եւ Վաղակատար Բաղադրեալ Բայական Ժամանակները Արեւմտահայերէնի մէջե, ղեկավար՝ Պրն. Յակոբ Չոլաքեան:
- Թամար Պաղտոյեան-Մխճեան՝ (բացակայ) Ուիլիըմ Սարոյեանի «Անունս Արամ Էե հատորը, ղեկավար՝ Տիկին Լենա Նազարեան-Քէյվանեան:
-Մարալ Թաշճեան- Թոգմաքճեան՝ Աւետիք Իսահակեանի «Ապու Լալա Մահարիե գործը, ղեկավար՝ Տիկին Լալա Միսկարեան-Մինասեան:
- Շողիկ Թալաթինեան՝ «Տիգրանակերտի Հյրնկց. Միութեան Պատմութիւնըե, ղեկավար՝ Պրն. Միհրան Մինասեան :
-Սիլվի Աբէլեան-Ճղլեան՝ «Քեսապը Գեղարուեստական Գրականութեան Մէջե, ղեկավար՝ Պրն. Յակոբ Չոլաքեան :
-Ալին Տրէժեան՝ «Իլ Լծորդութեան Բայերը Արեւմտահայերէնի Մէջե, ղեկավար՝ Պրն. Յակոբ Չոլաքեան:
-Սեւան Տէր Մովսէսեան «Բուրաստան խորհրդատու՝ Տիկ. Մարուշ Երամեան
Աւարտաճառերու ամփոփ զեկոյցներու ներկայացումէն ետք հրաւիրուեցան Հայագիտական Հիմնարկի դասախօսներէն Օրդ. Անի Ֆիշէնքճեան եւ Տիկին Լենա Քէյվանեան, որոնք փոխն ի փոխ փոխանցեցին շրջանաւարտներու աւարտաճառերու գնահատականները:
Ձեռնարկի մթնոլորտը թարմացաւ Օրդ. Մարի Արապաճեանի «Հայոց Աշխարհե մեներգով, դաշնամուրի նուագակցութեամբ Տիկին Շողակաթ Սելիմեանի:
Ապա հերթաբար բեմ հրաւիրուեցան Համազգայինի Շրջ. Վարչութեան Ատենապետուհի Տիկին Հռիփ Կանանեան եւ Համազգայինի Կեդր. Վարչութեան Ատենապետ՝ Տիար Վահէ Ժամագործեան, որոնք շնորհաւորեցին Համազգայինի մեծ ընտանիքը եւ դրուատական խօսքերով բարձր գնահատեցին եօթը շրջանաւարտները, մաղթելով բեղուն գործունէութիւն իրենց յառաջիկայ կեանքի ասպարէզէն ներս:
Յայտագրի յաջորդ հանգրուանով տեղի ունեցաւ վկայականաց բաշխում, ապա օրուան բեմավարը բեմ հրաւիրեց, այս իւրայատուկ ձեռնարկին առթիւ Հալէպ ժամանած, Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկի Հայկական Բաժնի տնօրէն՝ Տոքթ. Զաւէն Եկաւեանը: Յարգարժան հիւրը շնորհաւորեց Համազգայինը զայն յորջորջելով «ամբողջ հայութեան հաւաքավայրե, ապա շնորհաւորելէ ետք վկայակիր շրջանաւարտները, հաստատեց ըսելով, թէ կեանքի այս հանգրուանը նոր սկիզբ մըն է ազգային բոլորանուէր ծառայութեան ծիրէն ներս:
Հուսկ, բեմ հրաւիրուեցաւ Թեմիս Առաջնորդ Սրբազան Հայրը, որ «Մեսրոպ Մաշտոցի զինուորներե կոչեց նոր շրջանաւարտները եւ ցաւ ի սիրտ նկատեց արական սեռի բացակայութիւնը անոնց մէջ: Սրբազանը վերարժեւորեց եւ ողջունեց իգական սեռի ներկայութիւնը, աշխոյժ գործունէութիւնը եւ նուիրումը հալէպահայութեան կեանքի զանազան ոլորտներէն ներս:
Ապա շրջանաւարտները հաւիրուեցան անմահանալու խմբային նկարով մը: Ձեռնարկը փակ համարուեցաւ Հիմնարկի Միաւորի Վարչութեան կողմէ պատրաստուած կոկիկ հիւրասիրութեամբ:
Թող միշտ անմար մնայ Համազգայինի Հայագիտական Հիմնարկի ջահը եւ թող յաջորդեն անոր սերունդները զայն ընդմիշտ բոցավառելու Մեսրոպեան հազարամեայ աւանդով:
Սիւզի Խշուաճեան-Փիլաւճեան