
Համազգայինի հերթական մշակութային երեկոն, նուիրուած մեծահամբաւ գրագէտ Ուիլիամ Սարոյեանին, տեղի ունեցաւ 16 Յունուար 2019-ին, ՀՄԸՄ-ՀԵՄ-ի ակումբի սրահին մէջ։
Յայտագրի բացումը կատարելով, վարչութեան ատենապետ Արթօ Դաւիթեան իր ուրախութիւնն ու շնորհակալութիւնը յայտնեց թիւով 25-30 ներկայ անդամներուն եւ բարեկամներուն, որոնք հակառակ ցուրտին ու անձրեւին փութացած էին ներկայ գտնուելու Համազգայինի ձեռնարկին։
Երեկոյի առաջին խօսողն էր Յակոբ Գազանճեանը, որ Սարոյեանի կեանքն ու գործերը ներկայացուց, մանրամասնօրէն թուելով մեծ գրողի կեանքին զանազան հանգրուանները, մանկութենէն մինչեւ խոր ծերութիւն։ Ան իր խօսքին մէջ յիշեց նաեւ Սարոյեանի կեանքէն այնպիսի անձնական մանրամասնութիւններ, որոնք անծանօթ էին ներկաներէն շատերուն համար։
Ապա խօսք առաւ Խորէն Եպս․ Տողրամաճեանը, որ սիրով ընդառաջած էր Սարոյեանի մասին իր խօսքը ըսելու վարչութեան հրաւէրին։ Խորէն Սրբազան ծանրացաւ Սարոյեանի հայկականութեան վրայ, հակառակ անոր, որ ան համբաւ շահած էր իբրեւ ամերիկացի գրող։ Սարոյեանի գրականութեան նիւթը ամերիկան է, հասարակ ու պարզ ամերիկացիներ, որոնք ծագումով կրնային ըլլալ մեքսիքացի, ճափոնացի, իտալացի, յոյն կամ հայ, սակայն անոր պատգամը հայու պատգամն էր, հայու՝ որ հարազատ մնացած էր իր արմատներուն, ըսաւ Սրբազանը։
Յայատագրի վերջին բաժինով Արթօ Դաւիթեան ընթերցեց Սարոյեանի պատմուածքներէն մին՝ «Հնատարազ Աղուոր Սիրավէպ Ոտանաւորներով եւ Ամէն Ինչով», որուն հայերէն թարգմանութիւնը կատարած էր կիպրահայ գաղութի վաստակաւոր ուսուցիչ Յովհաննէս Շէօհմէլեանը։
Երեկոն փակուեցաւ բաժակ մը գինիի շուրջ հաճելի զրոյցով եւ շուտով դարձեալ հանդիպելու մտադրութեամբ։